Միջազգային

Հաճիեւ. «Զանգեզուրէն Անցնող Միջանցքի  Բացումը Միջին Միջանցքի Կարելիութիւններու  Աւելի Լայն Օգտագործում Պիտի Ապահովէ»

Հաճիեւ. «Զանգեզուրէն Անցնող Միջանցքի Բացումը Միջին Միջանցքի Կարելիութիւններու Աւելի Լայն Օգտագործում Պիտի Ապահովէ»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան պայմանագիրով նախատեսուած Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի» բացումը պիտի ապահովէ Միջին միջանցքի կարելիութիւններու աւելի լայն կիրարկում: Չինաստանի մէջ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան այս մասին նշած է` ուշադրութիւն հրաւիրելով Չինաստանի եւ Ազրպէյճանի համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ` Միջին միջանցքի կարելիութիւններու աւելի լայն օգտագործման տեսանկիւնէն:

Քաց Կազայի Մէջ Ապու Օպէյտայի  Ահաբեկումը Հաստատեց

Քաց Կազայի Մէջ Ապու Օպէյտայի Ահաբեկումը Հաստատեց

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ կէսօրէ ետք հաստատեց, որ Կազայի մէջ Քասսամի փաղանգներու բանբեր Ապու Օպէյտան իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով սպաննուած է: Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնած էր. «Բանակը յարձակում գործեց Քասսամի փաղանգներու բանբեր Ապու Օպէյտայի վրայ, եւ անոր արդիւնքին կը սպասենք»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Անվտանգութեան ծառայութիւնը Քասսամի փաղանգներու բանբեր...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի  Անդամակցութիւնը Առկախելու  Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութիւնը Առկախելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

Թուրքիոյ խորհրդարանը Կազայի մէջ սովի ճամբով ցեղասպանութիւնը քննարկելու արտակարգ նիստի մը ընթացքին որդեգրեց խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի` «Իսրայէլի Կազայի բռնագրաւումը երկարաձգելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործելուն» վերաբերեալ նախագիծը: Քուրթուլմուշ նշեց. «Առաջարկուած նախագիծը չափազանց ուժեղ փաստաթուղթ կը նկատուի եւ կ՛արտացոլէ աշխարհին առջեւ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը»: «Թուրքիոյ խորհրդարանական պլոքներու բոլոր պետերն ու երեսփոխանները ստորագրեցին նախագիծը, որ պետական օրաթերթին մէջ հրատարակուելով պիտի...

Արաղչի. «Պատրաստ Ենք Բանակցութիւնները  Շարունակելու, Պայմանով Որ Միւս Կողմերը  Լրջութիւն Ու Բարի Կամեցողութիւն Ունենան»

Արաղչի. «Պատրաստ Ենք Բանակցութիւնները Շարունակելու, Պայմանով Որ Միւս Կողմերը Լրջութիւն Ու Բարի Կամեցողութիւն Ունենան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու, պայմանով, որ միւս կողմերը լրջութիւն ու բարի կամեցողութիւն ունենան: «Ֆրանսան, Գերմանիան ու Բրիտանիան Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերահաստատելու իրաւասութիւն չունին», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս իր կարգին յայտնեց. «Մեր դիմաց Իրանի հիւլէական թղթածրարին դիւանագիտական...

Ֆիտան. «Որոշեցինք Իսրայէլի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները  Ամբողջովին Խզել, Մեր Օդային Տարածքը  Փակեցինք Անոր Օդանաւերուն Առջեւ»

Ֆիտան. «Որոշեցինք Իսրայէլի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները Ամբողջովին Խզել, Մեր Օդային Տարածքը Փակեցինք Անոր Օդանաւերուն Առջեւ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց. «Որոշեցինք Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ առեւտրական մեր յարաբերութիւնները ամբողջովին խզել, մեր օդային տարածքը փակեցինք անոր օդանաւերուն առջեւ»: «Իսրայէլ սուրիական ուժեղ նոր պետութիւն մը չ՛ուզեր, սակայն մենք պիտի չարտօնենք այդ քաղաքականութեան շարունակութիւնը», նշեց Ֆիտան: «Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող լարուածութիւնը կը սպառնայ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան», ըսաւ ան` նշելով. «Շրջանի բոլոր պետութիւնները քաոսային վիճակի...

Խօսելով Սուրիական Կառավարութեան Մասին`  Նեթանիահու. «Միամիտ Անձ Մը Չեմ,  Գիտեմ, Թէ Որո՛ւ Հետ Գործ Ունիմ»

Խօսելով Սուրիական Կառավարութեան Մասին` Նեթանիահու. «Միամիտ Անձ Մը Չեմ, Գիտեմ, Թէ Որո՛ւ Հետ Գործ Ունիմ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Սուրիոյ կառավարութեան, նշեց. «Միամիտ անձ մը չեմ, գիտեմ, թէ որո՛ւ հետ գործ ունիմ»: Իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի գիշեր զինուորական էջք կատարեց Դամասկոսի գիւղական շրջանի Քասուա շրջանին մէջ, ուր աւելի քան երկու ժամ մնաց: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց զինուորական աղբիւր մը: Աղբիւրը աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը տասնեակներով զինուորներ եւ սարքեր բերած է Քասուայի մէջ...

Ռուպիօ Եւ Սահեր Քննարկած Են Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Առնչուած Հարցեր

Ռուպիօ Եւ Սահեր Քննարկած Են Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Առնչուած Հարցեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ առնչուած հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ այսօր հանդիպած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի հետ` վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու անսասան յանձնառութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Իսրայէլացի Ապահովական Պաշտօնատար Մը  Սուէյտայի Սուրիայէն Անջատման  Փուլի Սկիզբը Կը Յայտարարէ

Իսրայէլացի Ապահովական Պաշտօնատար Մը Սուէյտայի Սուրիայէն Անջատման Փուլի Սկիզբը Կը Յայտարարէ

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդական Անան Ուահպի յայտարարեց, թէ Սուէյտայի Սուրիայէն անջատուելու փուլը սկսած է: Ուահպի իսրայէլեան «Այ24նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Անջատումը միջազգային ծածկոյթ ու ճանաչում կ՛ուզէ, ինչպէս անկախութեան երթ կատարելը: Օրինակ` Լիբանանը երեք տարուան մէջ փուլային կերպով անկախացաւ»: «Կը կարծեմ, որ Սուէյտան առաջին փուլը սկսաւ, Սուրիոյ հարաւին մէջ տեղի ունեցած բարբարոսական հարուածէն ետք, այդ շրջանի եւ այլ շրջաններու բոլոր...

Զելենսքի Այսօր Իր Վարչակազմի Եւ Թրամփի  Աշխատանքային Խումբին Անդամներուն Միջեւ  Ժողովի Գումարումը Յայտարարեց

Զելենսքի Այսօր Իր Վարչակազմի Եւ Թրամփի Աշխատանքային Խումբին Անդամներուն Միջեւ Ժողովի Գումարումը Յայտարարեց

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր վարչակազմի անդամները ուրբաթ օր Նիւ Եորքի մէջ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու համար թափուող ջանքերու ծիրին մէջ ժողով պիտի գումարեն Միացեալ Նահանգներու նախագահի աշխատանքային խումբին հետ: Ան նշեց, թէ իր գրասենեակի տնօրէն Անտրէյ Եարմաք եւ պաշտպանութեան նախարար Ռուսթամ Օմարով երեքշաբթի օր Քաթարի մէջ միջնորդուած բանակցութիւններու մասնակցած են, իսկ չորեքշաբթի օր ալ Սէուտական Արաբիոյ...

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Տնտեսական Պատերազմի  Կարելիութեան Մասին Կը Յայտարարէ

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Տնտեսական Պատերազմի Կարելիութեան Մասին Կը Յայտարարէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկին արծարծած է Մոսկուայի դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը` սպառնալով տնտեսական պատերազմով: «Այն, ինչ որ մտքիս մէջ ունիմ, շատ լուրջ է, եթէ ստիպուած ըլլամ այդ մէկը ընել: Սակայն ես կ՛ուզեմ տեսնել անոր (պատերազմի) աւարտը», ըսած է ան: Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ կրնայ տնտեսական պատերազմ ըլլալ, ինչ որ «Ռուսիոյ համար վատ պիտի ըլլայ»: Միւս...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ռուս Խաղաղապահներու Գրեթէ Ամբողջ Զօրակազմը Արդէն Լքած Է Արցախը, Մնացեալ Մասը Զայն Պիտի Լքէ Մինչեւ Մայիսի Վերջ

Պայրամով. «Ռուս Խաղաղապահներու Անոնց Առաքելութեան Ժամկէտի Աւարտէն Մէկուկէս Տարի Առաջ Շրջանէն Դուրս Բերումը Լրացուցիչ Խթան Հաղորդեց Խաղաղութեան Հոլովոյթին»

Ռուս խաղաղապահներու շրջանէն դուրս բերումը լրացուցիչ խթան հաղորդած է խաղաղութեան հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` Իլհամ Ալիեւի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան նուիրուած նախարարաց խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին: «2023 թուականի հակաահաբեկչական քայլերէն ետք Ղարաբաղի հարցը, որ Հայաստանը շատոնց կը փորձէր յառաջ մղել բանակցային հոլովոյթին մէջ, ամբողջութեամբ վերցուեցաւ բանակցութիւններու սեղանէն: «Իսկ նոր իրողութիւններու լոյսին տակ ռուս խաղաղապահներուն,...

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Սուրիան

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Սուրիան

Դամասկոսի մօտ եօթը զոհ արձանագրուած է, երբ Իսրայէլ չորեքշաբթի գիշեր օդային յարձակում գործած է: Այս մասին կը հաղորդեն սուրիական աղբիւրները` նշելով, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներուն պատճառով վեց սուրիացի զինուոր սպաննուած է Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ, իսկ այլ զինուոր մըն ալ` Կոլանի բարձունքներէն ոչ հեռու գտնուող Թարանիա գիւղին մօտ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը համահունչ է` շրջանի...

Ըստ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի.  Ուաշինկթըն Յանկարծակի Կերպով Որոշած Է  Իր Ուժերը Դուրս Բերել Իրաքի  Երկու Ռազմակայաններէն

Ըստ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի. Ուաշինկթըն Յանկարծակի Կերպով Որոշած Է Իր Ուժերը Դուրս Բերել Իրաքի Երկու Ռազմակայաններէն

Միացեալ Նահանգներ յանկարծակի կերպով որոշած են իրենց բոլոր ուժերը հեռացնել Իրաքի Այն Ասատ եւ Վիքթորիա ռազմակայաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն` մէջբերելով իր աղբիւրները: Աղբիւրները յայտնած են, որ ամերիկեան զօրքերը կը սկսին իրենց անձնակազմի Էրպիլ եւ դրացի արաբական երկիր տեղափոխումը: Կը հաղորդուի. «Ամերիկացիները իրենց իրաքցի գործընկերները տեղեկացուցած են, որ պիտի արագացնեն զօրքերու դուրսբերման հոլովոյթը եւ պիտի չհետեւին երկու...

«Ռոյթըրզ». «Ուժանիւթային Շարք Մը  Գործարքներու Շուրջ Ռուս-Ամերիկացի  Պաշտօնատարներու Գաղտնի Քննարկումներ»

«Ռոյթըրզ». «Ուժանիւթային Շարք Մը Գործարքներու Շուրջ Ռուս-Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Գաղտնի Քննարկումներ»

Ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատարները գաղտնի քննարկումներ ունեցած են ուժանիւթային շարք մը գործարքներու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով քննարկումներուն ծանօթ հինգ աղբիւրներ: Լրատու գործակալութեան զրուցակիցները մասնաւորաբար պատմած են, թէ գործարքները առաջարկուած են իբրեւ խթան` խրախուսելու Քրեմլինը համաձայնելու Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման, եւ որպէսզի Ուաշինկթըն կարենայ թուլացնել Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ պատժամիջոցները: Երեք աղբիւրներու համաձայն, պաշտօնատարները նաեւ քննարկած են...

Թրամփ «Մեծ Հետեւանքներ»-է Կը Զգուշացնէ,  Եթէ Փութին Եւ Զելենսքի Հանդիպում Չունենան

Թրամփ «Մեծ Հետեւանքներ»-է Կը Զգուշացնէ, Եթէ Փութին Եւ Զելենսքի Հանդիպում Չունենան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «մեծ հետեւանքներ»-է զգուշացուց, եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու անոր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքին իրենց երկիրներուն միջեւ տագնապին վերջ տալու հանդիպում չունենան: Թրամփ յայտարարեց, որ յարմար է, որ Փութինն ու Զելենսքին ժողով գումարեն` աւելցնելով, որ այդ ժողովին թուականի ճշդումը անոնց կը մնայ: Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահները պէտք է իրենց տարակարծութիւնները...

«Աքսիոս»` Մէջբերելով Պարրաքը.  «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հաւանական Ապահովական  Համաձայնութեան Մը Շուրջ Կը Բանակցին»

«Աքսիոս»` Մէջբերելով Պարրաքը. «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հաւանական Ապահովական Համաձայնութեան Մը Շուրջ Կը Բանակցին»

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, մէջբերելով Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը, հաղորդեց, որ Սուրիան եւ Իսրայէլը հաւանական ապահովական համաձայնութեան մը շուրջ կը բանակցին: Պարրաք նշած է, թէ միացեալ, կայուն եւ բարգաւաճ Սուրիա մը բոլոր սուրիացիներէն եւ անոնց բոլորին համար ներկայացուցչութեան մը կարիքը ունի: Իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն առաջ Իսրայէլի...

Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ետք  Առաջին Նմանօրինակ Քայլով Մը.  Աւստրալիա Իրանի Դեսպանն Ու Երեք  Պաշտօնատարներ Վտարեց` Թեհրանը Ամբաստանելով  Հակասեմական 2 Յարձակումներու  Ետին Կանգնելու Յանցանքով

Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ետք Առաջին Նմանօրինակ Քայլով Մը. Աւստրալիա Իրանի Դեսպանն Ու Երեք Պաշտօնատարներ Վտարեց` Թեհրանը Ամբաստանելով Հակասեմական 2 Յարձակումներու Ետին Կանգնելու Յանցանքով

Աւստրալիա յայտարարեց, որ Քանպերայի մէջ Թեհրանի դեսպանէն պիտի պահանջէ երկրէն հեռանալ, մինչ Աւստրալիոյ վարչապետ Էնթընի Ալպանեզ Թեհրանը ամբաստանեց «գլխաւոր Սիտնի եւ Մելպըրն քաղաքներուն մէջ հակասեմական երկու յարձակումներ գործադրելու» յանցանքով: Ալպանեզ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պնդեց, որ աւստրալիական գաղտնի սպասարկութիւնը հաւաքած է հաւաստի հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ իրանեան կառավարութիւնը առնուազն երկու հակասեմական յարձակումներ շղթայազերծելու ցուցմունքներ տուած է: Ան...

Թրամփը` Ալիեւին.  «Իլհա՛մ, Դուն Մեծ Ղեկավար Ես»

Թրամփը` Ալիեւին. «Իլհա՛մ, Դուն Մեծ Ղեկավար Ես»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղարկած է «Իլհա՛մ, դուն մեծ ղեկավար ես» մակագրութեան լուսանկարներ: «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ատոր մասին յայտնած է «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ: Ամերիկացի ղեկավարին ուղարկած լուսանկարներուն մէջ Թրամփը, Ալիեւը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ձեռք-ձեռքի տուած են` Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրը նախաստորագրելէ ետք:...

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան  Անդամները Մտադիր Են Իսրայէլի ՄԱԿ-ի  Անդամակցութեան Կասեցման Հասնիլ

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամները Մտադիր Են Իսրայէլի ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Կասեցման Հասնիլ

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Ժետտայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք որդեգրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որ հրապարակուեցաւ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ յայտարարութեան առանցքային կէտերը. - Ռամալլայի մէջ տեղակայուած Պաղեստինի ազգային վարչակազմը պէտք է վերահսկողութիւն ձեռք բերէ պաղեստինեան բոլոր տարածքներուն վրայ եւ պատասխանատու ըլլայ անվտանգութեան համար: - ԻՀԿ-ի երկիրները կոչ կ՛ուղղեն` դադրեցնելու Իսրայէլին...

Իրանը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան  Եւ Եւրոպական Միութիւնը Համաձայնած Են  Երեքշաբթի Օր Հանդիպում Ունենալ

Այսօր Ժընեւի Մէջ Իրան-Եւրոպական Եռեակ Բանակցութիւններ

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Իրան վաղը` երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ եւրոպական եռեակին (Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա, «Ա.») հետ իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ»: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Հիւլէական բանակցութիւնները պիտի գումարուին արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ 22 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութենէ...

Page 69 of 882 1 … 68 69 70 … 882

Արխիւներ