Ազրպէյճանը պէտք է որեւէ պահու պատրաստ ըլլայ պատերազմի` հաշուի առնելով աշխարհի վրայ ընթացող հոլովոյթներու անկանխատեսելիութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւուած Քարվաճառ այցելութեան ընթացքին:
«Ի հարկէ, մեր զինեալ ուժերը ամէն վայրկեան, ամէն օր կանգնած են մեր պետութեան շահերուն եւ ապահովութեան պահապաններու կողքին: Մենք կը դիտարկենք, կը տեսնենք եւ պիտի տեսնենք սպառնալիքներու հնարաւոր աղբիւրները», նշած է Ալիեւ: