Վանս. «Ուքրանիան Կ՛ուզէ Երկար Տեւողութեան Վրայ Իր Հողային Ամբողջականութիւնը Երաշխաւորել»
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Ուքրանիան կ՛ուզէ երկար տեւողութեան վրայ իր հողային ամբողջականութիւնն ու վերստին ռուսական ներխուժման չենթարկուիլը երաշխաւորել»: Ան այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի քիչ մը խնդաց, երբ իրեն ըսի, թէ ոչինչ պիտի ըսեմ, եթէ լաւ վարուիս», նշեց Վանս: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը հաւանական նկատեց, որ Փութինի եւ...




















