Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Միացեալ Նահանգներ Եւրոպային Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Հարցին Մէջ Առանցքային Դեր Խաղալու

August 23, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհրդականներուն ըսած է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը կարծէ, թէ Եւրոպան պէտք է առանցքային դեր ստանձնէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով եւրոպացի դիւանագէտի մը:

Ռուպիոն ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգները մտադիր են մասնակցիլ նման երաշխիքներու տրամադրման, սակայն հիմնական պատասխանատուութիւնը պէտք է իյնայ Եւրոպայի վրայ: Պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները կը նշեն, որ ան, սակայն, չէ նշած հնարաւոր անվտանգութեան քայլերու վերաբերեալ որոշակի մանրամասնութիւններ:

Չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Տեն Տէյն հանդիպած է Եւրոպայի պաշտպանութեան նախարարներու հետ:

Քննարկումը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներուն վրայ: Աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտած է, թէ ամերիկեան կողմը կը քննարկէ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման հնարաւորութիւնը: Կը քննարկուէր նաեւ ամերիկացի օդաչուներու ներգրաւումը դիտորդական թռիչքներուն` յառաջնագիծի եւ զինուորական շարժումներու պատկերներ հաւաքելու համար:

Ուաշինկթընի մէջ եւրոպացի ղեկավարներու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումէն ետք Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտարարած է, որ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիոյ անվտանգութեան ապահովման մասնակցութիւնը կը պահանջէ Պերլինի մէջ հետագայ քննարկում եւ համաձայնեցում, ներառեալ` Պուտեսթակի հնարաւոր հաստատում:

Ան չէ բացառած Ուքրանիոյ տարածքին մէջ գերմանական զօրքերու տեղակայումը:

Նախորդը

Թուրքիան Կը Սկսի Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ Երկաթուղիի Կառուցման

Յաջորդը

«Յառաջիկայ Երկու Շաբաթներուն Կը Յստականայ, Եթէ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կարելիութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.