Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք նշեց, որ Սուրիան կրնայ չափազանց կեդրոնացեալ պետութեան այլընտրանքներ ուսումնասիրելու կարիքը ունենալ:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ան այս մասին անցեալ ամիս Սուէյտայի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերէն ետք յայտնած է շարք մը լրագրողներու:
«Դաշնակցային դրութիւն չէ, այլ ատկէ նուազ բան մը, որ բոլորին կ՛արտօնէ իրենց միասնականութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն պահել` հեռու մնալով իսլամական որեւէ սպառնալիքէ», նշած է Պարրաք:
«Կը կարծեմ, թէ բոլորը կ՛ըսեն, թէ կարիքը ունին գտնելու ձեւ մը, որ աւելի տրամաբանական ըլլայ», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը: