Կազայի մէջ սովը իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործելը ռազմական յանցագործութիւն է: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Վոլքըր Թիւրքը:
«Կազայի մէջ սովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքն է, եւ սովէն մահերը կրնան պատերազմական յանցագործութիւն համարուիլ», ըսած է ան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց. «Չենք կրնար արտօնել, որ այս կացութիւնը անպատիժ շարունակուի: Անհրաժեշտ է ապահովել մարդասիրական օգնութեան լիարժէք, անարգել մուտք»:
Կութերես նաեւ կոչ ուղղեց. «Անյապաղ զինադադարի, բոլոր պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման եւ մարդասիրական օգնութեան լիարժէք, անարգելք մուտքի»:
Նախքան այդ, ՄԱԿ-ը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Կազայի մէջ սով գոյութիւն ունի: ՄԱԿ-ի փորձագէտները յայտնեցին, որ 500.000 անձեր «աղէտալի» անօթութիւն կը դիմագրաւեն: