Ռուսական հիւլէական ուժանիւթի «Ռոսաթոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչեւ յայտնեց, որ պատմութեան մէջ առաջին «հիւլէական վեհաժողով»-ը պիտի գումարուի 25 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ, ուր պիտի քննարկուին ուժանիւթի եւ հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման հարցեր:
Լիխաչեւ նշեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու շարք մը կառավարութիւններու նախագահներ ու ղեկավարներ վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկեն հիւլէական ճարտարագիտութեան առնչուող խնդիրներ»:
«Այս իրադարձութիւնը աշխարհի բոլոր պետութիւններուն կողմէ անհամբեր կը սպասուի: Հակառակ մեզ շրջապատող պատժամիջոցներուն ու փոթորիկներուն, կը պահպանենք մեր միասնականութիւնը: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման իրենց թշնամական դիրքորոշումներով ծանօթ պետութիւններու ներկայացուցիչները տակաւին մեզի կը յայտնեն, որ ամէն ինչ պիտի պայծառանայ եւ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ», աւելցուց «Ռոսաթոմ»-ի ընդհանուր տնօրէնը: