Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ արժանի է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին` շարք մը տագնապներու մէջ, ներառեալ Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնարկած ջանքերուն համար:
«Ազրպէյճանն ու Հայաստանը առաջադրած են նախագահ Թրամփը», «Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ ան բնաւ նման չէ արեւմուտքցի ղեկավարներուն:
«Նախագահ Թրամփ շատ առատաձեռն էր, եւ մեզի մեր ծրագրածէն աւելին տուաւ», ըսած է Ազրպէյճանի ղեկավարը: