Միջազգային

«Պոլսոյ Ընտրութիւններու  Յայտարարուած  Արդիւնքը Կրնայ Փոխուիլ»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Պոլսոյ Ընտրութիւններու Յայտարարուած Արդիւնքը Կրնայ Փոխուիլ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու, նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ընդունեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուէն իր կրած պարտութիւնը, սակայն աւելցուց. «Պոլսոյ մէջ հարցերը տակաւին չեն վճռուած, եւ ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքը կրնայ փոխուիլ»: Վերջինս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահէն 25 հազար քուէ աւելի ապահոված է: Ան յայտնեց, թէ չեղեալ նկատուած 319.500 քուէներ կան, որոնք տասնապատիկն են իր...

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Անգարային  «Էֆ-35»-ներու Կտորներու Փոխանցումը

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Անգարային «Էֆ-35»-ներու Կտորներու Փոխանցումը

Ուաշինկթըն դադրեցուցած է Անգարային «Էֆ-35» հալածիչներու կտորներու փոխանցումը` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու Թուրքիոյ որոշումին պատճառով: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են անանուն աղբիւրներ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կատարած այդ քայլէն ետք ամերիկեան կառավարութիւնը զգուշացուցած է Անգարան, թէ կրնայ յաւելեալ հետեւանքներ կրել` ներառեալ «Էս-400»-ներ գնելուն համար պատժամիջոցներու ենթարկուիլը:...

Պութաֆլիքա Ներկայացուց  Իր Հրաժարականը

Պութաֆլիքա Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Ալճերիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ նախագահ Ապտելազիզ Պութաֆլիքա իր հրաժարականը ներկայացուցած է Սահմանադրական խորհուրդին: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ «Պութաֆլիքա անձնապէս դիմած է Սահմանադրական խորհուրդի նախագահին` աւարտած նկատելու իր պաշտօնավարման ժամկէտը` իբրեւ երկրի նախագահ:

Ալիեւ Կը Շնորհաւորէ Էրտողանը` Անոր Արձանագրած «Համոզիչ»  Ընտրական Յաղթանակին Համար

Ալիեւ Կը Շնորհաւորէ Էրտողանը` Անոր Արձանագրած «Համոզիչ» Ընտրական Յաղթանակին Համար

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ շնորհաւորած 31 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած «համոզիչ» յաղթանակին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան: Ալիեւ ընդգծած է, որ այս յաղթանակը «թուրք ժողովուրդի` Էրտողանին եւ անոր վարած քաղաքականութեան...

Թուրքիան Պիտի Շարունակէ  Աջակցիլ Վենեզուելային

Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Վենեզուելային

«Թուրքիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Հասան Իրենց Բարձրագոյն Մակարդակին» Կ՛ըսէ Արիասա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Արէասայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Վենեզուելայի մէջ որեւէ ժխտական զարգացում կ՛ազդէ ամբողջ լատինամերիկեան ցամաքամասին եւ ընդհանրապէս քարայիպեան շրջանին վրայ»: «Պիտի շարունակենք Վենեզուելային աջակցիլ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը: Արէասա իր կարգին յայտարարեց. «Թուրքիոյ հետ մեր...

«Պրեքզիթ»-ի Հարցին Մէջ Եւրոպական  Միութեան Համբերութիւնը Կը Սպառի»  Կ՛ըսէ Եունքեր

«Պրեքզիթ»-ի Հարցին Մէջ Եւրոպական Միութեան Համբերութիւնը Կը Սպառի» Կ՛ըսէ Եունքեր

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը «Պրեքզիթ»-ի առնչուած իրավիճակին մէջ մեծ համբերութիւն դրսեւորեց, սակայն այդ համբերութիւնը կը սպառի: Այս մասին կը հաղորդէ «Պելժա» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք մեծ համբերութիւն ցուցաբերեցինք բրիտանացի մեր ընկերներուն նկատմամբ, սակայն նոյնիսկ այդ համբերութիւնը կը սպառի. ես պիտի ուզէի, որ քանի մը ժամէն, քանի մը օրէն Բրիտանիան համաձայնութիւն գոյացնէ այն բանին շուրջ,...

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է «Պրեքզիթ»-ի  Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախագիծէն  Ջնջել Ամէնէն Վիճելի Ձեւակերպումը

Աւելի Քան 6 Միլիոն Մարդ Ստորագրած Է «Պրեքզիթ»-ի Ջնջման Դիմումնագիրը

«Պրեքզիթ»-ի ջնջման եւ Բրիտանիան Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ պահելու պահանջով դիմումնագիրը 31 մարտին գերազանցած է 6 միլիոն ստորագրութիւններու նշագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Այս միջնորդութիւնը առաւել լայն աջակցութիւն ստացած է բոլոր այն դիմումներէն, որոնք երբեւիցէ զետեղուած են բրիտանական խորհրդարանի կայքին վրայ: Նախապէս Բրիտանիոյ կառավարութիւնը այդ դիմումին արձագանգած էր` յայտարարելով, որ պիտի չհրաժարի «Պրեքզիթ»-էն, որովհետեւ մտադիր է յարգել...

Ճափոնի Մէջ Յայտարարուած Է  Նոր Կայսերական  Դարաշրջանի Անունն  Ու Պաշտօնական Մեկնարկի Օրը

Ճափոնի Մէջ Յայտարարուած Է Նոր Կայսերական Դարաշրջանի Անունն Ու Պաշտօնական Մեկնարկի Օրը

Ճափոնի մէջ երէկ յայտարարուած է երկրին մէջ կայսերական նոր դարաշրջանի անունն ու ատոր պաշտօնական մեկնարկի օրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ռէյվա դարաշրջանը պիտի սկսի 1 մայիսէն, երբ գահաժառանգ Նարուհիթոն պիտի ստանձնէ կայսրի պաշտօնը: Նարուհիթոն գահը պիտի ժառանգէ իր հօրմէն` կայսր Աքիհիթոյէն, որ 30 ապրիլին պիտի յայտարարէ գահէն հրաժարելու մասին: Այսպիսով վերջ պիտի դրուի 31 տարի տեւած Հէյսէյ...

Ծերակուտականները Կ՛առաջարկեն Չսկսիլ  «Էֆ-35»-երու Թուրքիոյ Մատակարարումը,  Քանի Տակաւին Ան Չէ Հրաժարած  «Էս-400»-ներու Գործարքէն

Ծերակուտականները Կ՛առաջարկեն Չսկսիլ «Էֆ-35»-երու Թուրքիոյ Մատակարարումը, Քանի Տակաւին Ան Չէ Հրաժարած «Էս-400»-ներու Գործարքէն

Ամերիկացի չորս ծերակուտականներ մշակած եւ Ծերակոյտին ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որուն նպատակը արգելափակելն է Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-35» կործանիչներու մատակարարումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Օրինագիծի մշակումին մասնակցած են թէ՛ Հանրապետական, թէ՛ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Մասնաւորաբար օրինագիծի համահեղինակները` հանրապետական ծերակուտականներ Ճէյմս Լենքֆորտ եւ Թամ Թիլիս, դեմոկրատականներ Ճին Շեհին եւ Քրիս Վան Հոլեն: Ըստ օրինագիծին, Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ սկսին...

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Արձագանգած Են Այա Սոֆիան  Մզկիթի Վերածելու Մասին Յայտարարութեան

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Արձագանգած Են Այա Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Մասին Յայտարարութեան

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին մեկնաբանած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պոլսոյ հռչակաւոր Այա Սոֆիա տաճարը վերանուանելու եւ մզկիթի վերածելու մասին յայտարարութիւնը: «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութեան մեկնաբանութիւն տուած անանուն աղբիւրը նշած է, որ որեւէ այդպիսի քայլի շուրջ պէտք է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ համաձայնութիւն գոյանայ եւ դրուի ընդհանուր քուէարկութեան: «Եթէ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի) Մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Փորձեն  Իրանի Վրայ Ճնշումը Մեծցնել»  Կ՛ըսէ Մանտելքեր

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Փորձեն Իրանի Վրայ Ճնշումը Մեծցնել» Կ՛ըսէ Մանտելքեր

Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն Իրանի վրայ ճնշումը մեծցնել: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Սինկափուրի մէջ յայտարարած է պատժամիջոցներու հարցերով զբաղող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը: Ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հետախուզութեան գծով ելեւմուտքի փոխնախարար Սիկալ Մանտելքեր յայտարարած է, թէ Սինկափուրի, Մալեզիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած հանդիպումներուն ընթացքին կը պատրաստուի ներկայացնել այն վտանգները, որոնք կրնան յառաջանալ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:...

Զօր. Մքենզի Նշանակուեցաւ Ամերիկեան  Բանակի Կեդրոնական  Սպայակոյտի Նոր Հրամանատար

Զօր. Մքենզի Նշանակուեցաւ Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Սպայակոյտի Նոր Հրամանատար

Զօր. Ֆրանք Մքենզի ստանձնեց կարգ մը երկիրներու, որոնց շարքին` Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործունէութեան հսկող մարմինին` ամերիկեան բանակի կեդրոնական սպայակոյտի հրամանատարի պաշտօնը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահանի ներկայութեամբ պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին զօր. Մքենզի խոստացաւ շարունակել իր նախորդին` հանգստեան կոչուած զօր. Ճոզըֆ Վոթըլի աշխատանքը: Վերջինս իր կարգին յայտնեց, որ այն պահուն, երբ ՏԱՀԵՇ կորսնցուց իր...

Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութեան  Ա. Փուլին Յաղթականը Զելենսքին Է

Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութեան Ա. Փուլին Յաղթականը Զելենսքին Է

Երէկ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէին 39 թեկնածուներ: Տոնպասի եւ Ռուսիոյ բնակիչները, որոնց թիւը 7-10 միլիոն է, պոյքոթի կ’ենթարկէին ընտրութիւնը: Ըստ նախնական տուեալներուն, առաջին դիրքը գրաւած է քաղաքական որեւէ փորձառութիւն չունեցող, կատակերգակ Վլոտիմիր Զելենսքին (քուէներուն 30,7 առ հարիւրով), երկրորդ դիրքը` գործող նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոն (քուէներուն 17,8 առ հարիւրով): Անոնք իրարու դէմ պիտի մրցին...

Թունուզի Մէջ Գումարուեցաւ  Արաբական 30-րդ Վեհաժողովը

Թունուզի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 30-րդ Վեհաժողովը

Արաբական լիկայի անդամ 22 երկիրներու ղեկավարները երէկ Թունուզի մէջ մասնակցեցան Արաբական 30-րդ վեհաժողովին: Մինչ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի մէկ օր առաջ ժողովէն բացակայելուն մասին յայտարարելէ ետք անակնկալ կերպով մասնակցեցաւ վեհաժողովին, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը բացման նիստի ընթացքին առանց իր խօսքը արտասանելու վեհաժողովէն հեռանալով ուղղուեցաւ օդակայան, ըստ թունուզեան լրատուամիջոցներու, բողոքելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ...

Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ.  Իշխող Կուսակցութիւնը Կորսնցուց Անգարան  Եւ Իզմիրը, Պոլսոյ Մէջ Արդիւնքը Կը Մնայ Վիճելի

Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. Իշխող Կուսակցութիւնը Կորսնցուց Անգարան Եւ Իզմիրը, Պոլսոյ Մէջ Արդիւնքը Կը Մնայ Վիճելի

Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ երէկ մասնակցեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, որոնք ընդհանուր առմամբ կը նկատուէին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շուրջ հանրաքուէ մը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 83,99 առ հարիւր էր: Էրտողան քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ ընտրութիւնները երկրին ու իր ղեկավարած կուսակցութեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «վերապրումին» կը վերաբերին: Էրտողանի կուսակցութիւնը քուէներուն շուրջ 45 առ հարիւրը ապահովեց` յաղթանակ արձանագրելով Կեդրոնական Անատոլուի բազմաթիւ...

Լաւրով. «Քննարկեցինք Կովկասի,  Ուքրանիոյ Եւ Պալքաններու Կացութիւնը»

Լաւրով. «Քննարկեցինք Կովկասի, Ուքրանիոյ Եւ Պալքաններու Կացութիւնը»

«Թուրքիան Կը Մերժէ Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու վերահաստատեց, որ «Թուրքիա կը մերժէ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան տրամադրումը»: Ան Անգարայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալու ամերիկեան որոշումը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի համար ընտրական նուէր էր: Չաւուշօղլու յայտնեց, որ...

«Կոլանը Սուրիական Բռնագրաւեալ Հող Է,  Արաբները Կը Մերժեն,  Որ Բռնագրաւումը Այլ Անունով Կոչուի»  Ըսաւ Ապուլ Ղէյթ

«Կոլանը Սուրիական Բռնագրաւեալ Հող Է, Արաբները Կը Մերժեն, Որ Բռնագրաւումը Այլ Անունով Կոչուի» Ըսաւ Ապուլ Ղէյթ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ Թունուզի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու` Արաբական 30-րդ վեհաժողովի օրակարգի քննարկման յատկացուած ժողովի ընթացքին շեշտեց. «Կոլանը սուրիական արաբական բռնագրաւուած հող է` ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն, եւ բռնագրաւումի օրինականացումը սխալ արարք է»: Ան աւելցուց, որ «Կոլանի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը իրաւական որեւէ արդիւնք չունի»: «Արաբական աշխարհը համաձայն է անզիջելի հարցերու շուրջ, եւ արաբները կը մերժեն...

Վենեզուելայի Իշխանութիւնները  Կը Պաշտօնազրկեն Կուայտոն

Վենեզուելայի Իշխանութիւնները Կը Պաշտօնազրկեն Կուայտոն

Վենեզուելայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօ պաշտօնազրկուած է Վենեզուելայի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնէն: Պետութեան ընդհանուր հսկիչ Ալվես Ամորոզէ յայտնեց, որ որոշուած է փտածութեան կասկածանքով Կուայտոյին օրէնքի ճշդած առաւելագոյն պայմանաժամով` 15 տարիով արգիլել երեսփոխանական որեւէ պաշտօն վարել: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Կուայտոն եւ ամերիկեան պատժամիջոցները պատասխանատու նկատեց երկրին մէջ կացութեան վատթարացման համար: Նախքան այդ, Մատուրօ ՄԱԿ-էն ստանձնած էր զեկուցում մը,...

Քարաքասի Մօտ «Էս-300»-ներ Զետեղուած Են

Քարաքասի Մօտ «Էս-300»-ներ Զետեղուած Են

«Ռուսիան Վենեզուելայի Մէջ Ոչ Ոքի Կը Սպառնայ» Ըսաւ Զախարովա Վենեզուելա միաժամանակ 24 թիրախ հարուածելու կարողութիւն ունեցող «Էս-300 Վի.Էմ.» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր զետեղած է մայրաքաղաք Քարաքասի մօտ: Ըստ «Միլիթըրի Ուաչ» պարբերաթերթին այդ համակարգերը թերեւս ամէնէն ուժեղ միջոցն են Միացեալ Նահանգները զսպելու, որովհետեւ այդ համակարգերը պիտի կարենան թեւաւոր հրթիռներով եւ ռմբաձիգներով յարձակումներէ պաշտպանել կարեւոր դիրքեր: Անոնք զետեղուեցան Քարաքասի մօտ գտնուող «Քափիթեն Մանուէլ...

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Մտադիր Է Այսօր  «Պրեքզիթ»-ի Համաձայնութեան  Շուրջ Քուէարկութիւն Կատարել

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Մտադիր Է Այսօր «Պրեքզիթ»-ի Համաձայնութեան Շուրջ Քուէարկութիւն Կատարել

Բրիտանիոյ նախարարաց խորհուրդը մտադիր է այսօր խորհրդարանին մէջ նախաձեռնել երրորդ քուէարկութեան Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրին շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարեց Համայնքներու պալատի ղեկավար (խորհրդարանին մէջ կառավարութեան տէ ֆաքթօ ներկայացուցիչ) Անտրիա Լիտսըմ: «(Գործարքին շուրջ) ներկայացուած առաջարկը պիտի համապատասխանէ խորհրդարանի նախագահի որոշումին: 22 մայիսին մեր (Եւրոպական Միութենէն) դուրս գալը երաշխաւորելու միակ միջոցը...

Page 538 of 884 1 … 537 538 539 … 884

Արխիւներ