Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարաքասի Մօտ «Էս-300»-ներ Զետեղուած Են

March 29, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ռուսիան Վենեզուելայի Մէջ Ոչ Ոքի Կը Սպառնայ» Ըսաւ Զախարովա

Վենեզուելա միաժամանակ 24 թիրախ հարուածելու կարողութիւն ունեցող «Էս-300 Վի.Էմ.» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր զետեղած է մայրաքաղաք Քարաքասի մօտ: Ըստ «Միլիթըրի Ուաչ» պարբերաթերթին այդ համակարգերը թերեւս ամէնէն ուժեղ միջոցն են Միացեալ Նահանգները զսպելու, որովհետեւ այդ համակարգերը պիտի կարենան թեւաւոր հրթիռներով եւ ռմբաձիգներով յարձակումներէ պաշտպանել կարեւոր դիրքեր:

Անոնք զետեղուեցան Քարաքասի մօտ գտնուող «Քափիթեն Մանուէլ Ռիոս» օդուժի ռազմակայանին մէջ:

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ պատրաստակամութիւն յայտնեց Վենեզուելան արտաքին որեւէ յարձակումէ պաշտպանելու: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումին մէջ աւելցուց, որ «երբ Միացեալ Նահանգներ զինուորական միջամտութեամբ կը սպառնան երկրի մը, այդ սպառնալիքները պէտք է լուրջի առնել»` աւելցնելով. «Վենեզուելան ծունկի պիտի չգայ, եւ ժողովուրդն ու զինեալ ուժերը պատրաստ են դիմակայելու իրենց դէմ սանձազերծուած որեւէ յարձակում»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Թրամփ պէտք է յարգէ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու խոստումը` նախքան Վենեզուելայէն հեռանալու գծով Ռուսիոյ որեւէ պահանջ ներկայացնելը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի կինը հիւրընկալելու ընթացքին յայտնած էր. «Ռուսիան Վենեզուելայէն դուրս բերելու համար բոլոր ընտրանքները բաց են»:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին յայտարարած էր, թէ ռուսական զինուորական օդանաւերուն Վենեզուելա էջք կատարելը «անընդունելի գրգռիչ քայլ մըն է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ ռուս մասնագէտներու Քարաքաս գտնուելու հարցը, «ի տարբերութիւն Ուաշինկթընի, չոտնահարեց միջազգային օրէնքը եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը չփոխեց»: Ան նշեց, որ Ռուսիան Վենեզուելայի մէջ ոչ ոքի կը սպառնայ:

Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ «ռուս զինուորականները Վենեզուելա կը գտնուին հսկելու համար զէնքերու նոր գործարքներուն»` աւելցնելով. «Վենեզուելայի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները պէտք չէ մտահոգեն Միացեալ Նահանգները»:

«Մենք Վենեզուելայի ներքին հարցերուն չենք միջամտեր եւ կ՛ակնկալենք, որ միւս պետութիւններն ալ նոյն գործելաոճը որդեգրեն», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներ աշխարհի բազմաթիւ վայրերուն մէջ կը գտնուին, եւ ոչ ոք անոնց որեւէ բան կը թելադրէ. նոյնպիսի վերաբերմունք կ՛ակնկալենք»:

«Վենեզուելան Կը Հովանաւորէ Ահաբեկիչները» Կ՛ըսէ Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Էռնեսթու Արաուժու Վենեզուելայի իշխանութիւնները մեղադրեց միջազգային յանցագործութիւնն ու ահաբեկչութիւնը հովանաւորելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով խորհրդարանին մէջ նախարարին յայտարարութեան:

«Մատուրոյի վարչակարգը ապաստան դարձած է տարաբնոյթ քրէական խումբերու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու համար: Մեր սահմաններուն վրայ ստեղծուած է իրավիճակ մը, որ անվտանգութեան տեսանկիւնէն ոչ մէկ ձեւով կարելի է դրական նկատել», ըսած է ան:

Արաուժու անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Պրազիլը Քարաքասի ներքին հարցերուն զինուորական միջամտութիւն կատարելու որեւէ մտադրութիւն չունի: «Մենք կ՛ուզենք, որ Վենեզուելան անվտանգ ու խաղաղ երկիր դառնայ, եւ ատոր համար կը գործադրենք բոլոր քաղաքական-դիւանագիտական ջանքերը», իր խօսքին մէջ նշած է Արաուժու:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Կառավարութիւնը Մտադիր Է Այսօր «Պրեքզիթ»-ի Համաձայնութեան Շուրջ Քուէարկութիւն Կատարել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.