Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ շնորհաւորած 31 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած «համոզիչ» յաղթանակին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան:
Ալիեւ ընդգծած է, որ այս յաղթանակը «թուրք ժողովուրդի` Էրտողանին եւ անոր վարած քաղաքականութեան աջակցութեան դրսեւորումն է»:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վստահութիւն յայտնուած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ «բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւնները մշտապէս պիտի զարգանան ու պիտի ամրապնդուին` ժողովուրդներու կամքին համաձայն»: