Ճափոնի մէջ երէկ յայտարարուած է երկրին մէջ կայսերական նոր դարաշրջանի անունն ու ատոր պաշտօնական մեկնարկի օրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ռէյվա դարաշրջանը պիտի սկսի 1 մայիսէն, երբ գահաժառանգ Նարուհիթոն պիտի ստանձնէ կայսրի պաշտօնը:
Նարուհիթոն գահը պիտի ժառանգէ իր հօրմէն` կայսր Աքիհիթոյէն, որ 30 ապրիլին պիտի յայտարարէ գահէն հրաժարելու մասին: Այսպիսով վերջ պիտի դրուի 31 տարի տեւած Հէյսէյ կայսերական դարաշրջանին:
Կը նշուի, որ կայսերական դարաշրջանի անուանումը կ՛օգտագործուի փաստաթուղթերուն, թերթերուն եւ օրացոյցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մետաղադրամներու վրայ: Հակառակ այս հանգամանքին, Ճափոնը կ՛օգտագործէ նաեւ արեւմտեան օրացոյցը, սակայն շատեր տարիները հաշուելու համար կը նախընտրեն օգտագործել կայսերական դարաշրջանն ու երբեմն կը փորձեն արեւմտեանը համադրել աւանդականին հետ:
Աւելցնենք, որ Ճափոնը 1300 տարի առաջ կայսերական դարաշրջանի օրացուցային համակարգը փոխ առած է Չինաստանէն:



