Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Քննարկեցինք Կովկասի, Ուքրանիոյ Եւ Պալքաններու Կացութիւնը»

March 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Թուրքիան Կը Մերժէ Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու վերահաստատեց, որ «Թուրքիա կը մերժէ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան տրամադրումը»:

Ան Անգարայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալու ամերիկեան որոշումը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի համար ընտրական նուէր էր:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Անգարա կը շարունակէ Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը` շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար: «Ռուսիոյ հետ «Էս-400» հրթիռային համակարգերու գնման գործարքը ուժի մէջ է, եւ կը քննարկենք յանձնումի ժամկէտները», ընդգծեց Չաւուշօղլու:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն հետ գործակցեցաւ, սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման համար կարեւոր է, «եւ մենք Ռուսիոյ հետ կ՛աշխատինք Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար»:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ Սուրիոյ մէջ գտնելու տագնապի քաղաքական լուծում մը, ըստ ՄԱԿ-ի թիւ 2254 որոշումին»: «Մենք հետաքրքրուած ենք Սուրիոյ մէջ գործակցութեամբ եւ սուրիական սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան արագացումով, իսկ Ասթանայի ձեւաչափը կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ միակ ազդու մեքանիզմը մնալ` հակառակ զայն խափանելու փորձերուն»:

«Չաւուշօղլուի հետ քննարկեցինք Կովկասի, Ուքրանիոյ ու Պալքաններուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ միացեալ աշխատանքի փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը ստորագրեցինք», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց. «Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալը հաշուետուութեան բացակայութեան պատճառով դիտումնաւոր ցուցադրութիւն է»:

«Ուաշինկթըն Կոլանի, Իրանի հիւլէական թղթածրարին եւ Վենեզուելայի հարցերուն մէջ կ՛ոտնահարէ ՄԱԿ-ի որոշումները», ըսաւ Լաւրով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, մեկնաբանելով Կոլանի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը, ըսաւ. «Այս որոշումը սխալ է: Այդպիսի քայլեր շատ վտանգաւոր են, որովհետեւ ան որ հով կը ցանէ, փոթորիկ կը հնձէ»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Սպիտակ տուն այցելութեան ընթացքին ստորագրած է Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը:

Նախորդը

«Կոլանը Սուրիական Բռնագրաւեալ Հող Է, Արաբները Կը Մերժեն, Որ Բռնագրաւումը Այլ Անունով Կոչուի» Ըսաւ Ապուլ Ղէյթ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.