Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թունուզի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 30-րդ Վեհաժողովը

Ապրիլ 1, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի անդամ 22 երկիրներու ղեկավարները երէկ Թունուզի մէջ մասնակցեցան Արաբական 30-րդ վեհաժողովին: Մինչ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի մէկ օր առաջ ժողովէն բացակայելուն մասին յայտարարելէ ետք անակնկալ կերպով մասնակցեցաւ վեհաժողովին, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը բացման նիստի ընթացքին առանց իր խօսքը արտասանելու վեհաժողովէն հեռանալով ուղղուեցաւ օդակայան, ըստ թունուզեան լրատուամիջոցներու, բողոքելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի արտասանած խօսքին դէմ: Ան երկրէն մեկնելէ ետք շնորհակալական նամակ մը յղեց Թունուզի նախագահին:

Վեհաժողովը Թունուզի նախագահ Ալպաժի Քայետ Սապսիի կողմէ կոչուեցաւ «Վճռականութեան եւ միասնականութեան վեհաժողով»:

Վեհաժողովին բացումը կատարեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը, որ վեհաժողովի նախագահութիւնը Թունուզի նախագահ Ալպաժի Քայետ Սապսիին փոխանցելէ առաջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ իր երկիրը կը մերժէ Կոլանի վրայ սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնահարող որեւէ քայլ: Ան ըսաւ, թէ Պաղեստինեան դատը կը շարունակէ մնալ թագաւորութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը եւ նշեց. «Իրան կը շարունակէ աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան աջակցիլ»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր խօսքին մէջ նշեց, որ արաբական ազգային անվտանգութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին դիմագրաւած է մարտահրաւէրներ` նշելով, որ ահաբեկչութիւնն ու միլիսներ կը վտանգեն արաբական պետութիւններու էութիւնը:

«Կը մերժենք արաբական երկիրներուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները, մասնաւորաբար Իրանի եւ Թուրքիոյ միջամտութիւնները», նշեց ան` աւելցնելով, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջամտութիւնները պատճառ դարձած են, որ արաբական տագնապները բարդանան: «Պէտք է արաբական հովանիին կառչինք ընդդէմ շրջանային միջամտութիւններուն», ըսաւ ան:

«Չենք ընդունիր, որ շրջանային պետութիւններ մեր արաբական շրջանին մէջ որջեր ունենան, եւ անընդունելի է, որ շրջանային ուժեր միջամտեն արաբական հարցերուն մէջ` յարանուանական նպատակներով աջակցելու համար այս կամ այն կողմին», նշեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ «ՄԱԿ¬ը կը զօրակցի արաբական աշխարհի միասնականութեան»` կոչ ուղղելով պահպանելու զայն` «իբրեւ հիմնական պայման շրջանին մէջ կայունութեան եւ արտաքին միջամտութիւններու արգիլման»:

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ընդգծեց. «Կը վերահաստատենք սուրիական հողերու, ներառեալ Կոլանի ամբողջականութիւնը»: Ան նաեւ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը կայունութեան ծրագիրի գործադրութեան առիթ կը ստեղծէ»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին յայտարարեց. «Կը վերահաստատեմ Եւրոպական Միութեան` սուրիական Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի իրաւասութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու որոշումին մերժումը»` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Կոլանի վրայ միայն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ճանչնալ»:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է, ինչպէս նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման համար պէտք է վերադառնալ 1967¬ի սահմաններուն եւ Երուսաղէմը երկու պետութիւններու մայրաքաղաք ըլլալու սկզբունքներուն:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յատնեց, թէ պաղեստինեան դատը էր եւ պիտի մնայ արաբական խիղճը զբաղեցնող հիմնական մտահոգութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ հիմնուելով արաբական սկզբունքներուն վրայ, «եւ Պաղեստինեան դատը պէտք է առաջին կեդրոնական հարցը ըլլայ»:

«Սուրիոյ ամբողջականութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումը այլընտրանք չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յորդանանը, փոխան միջազգային ընտանիքին ու դրացի երկիրներուն, կը հիւրընկալէ սուրիացիները, եւ պիտի շարունակէ ատիկա ընել, մինչեւ որ անոնք անվտանգ կերպով վերադառնան իրենց հայրենիքը»:

«Ինչ կը վերաբերի սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանին, ապա Կոլանը սուրիական բռնագրաւուած հող է, միջազգային օրինականութեան բոլոր որոշումներուն համաձայն», ըսաւ Յորդանանի թագաւորը:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ արաբական վեհաժողովը կը գումարուի, երբ արաբ ժողովուրդը կը գտնուի վտանգաւոր քառուղիի մը վրայ, ուր մարտահրաւէրները աւելցած են:

«Արաբական բռնագրաւեալ բոլոր հողերուն ազատագրումը` արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան ստեղծումով, Կոլանը Սուրիոյ վերադարձնելով արաբ¬իսրայէլեան տագնապի լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան սկսման միակ միջոցն է», ըսաւ Սիսի:

«Վերջին տասնամեակին շրջանի իրադարձութիւնները յանգեցան մեր երկիրներու հարցերուն շրջանային միջամտութիւններու եւ յարանուանական խնդիրներու, որոնք կառուցելու փոխարէն կը քանդեն երկիրը», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը` ընդգծելով, որ իր երկիրը կը մերժէ «շրջանային ոչ արաբական որեւէ ուժի միջամտութիւնը` ընդլայնելու համար սուրիական հողերուն վրայ իր ազդեցութիւնը` ի հեճուկս սուրիացի ժղովուրդի կամքին»:

«Սուրիական տագնապին լուծումը յստակ է, ըստ (ՄԱԿ¬ի) թիւ 2254 բանաձեւին», ըսաւ Սիսի:

«Արաբական ազգային շահը պէտք է որեւէ այլ նկատառումէ վեր ըլլայ», նշեց Եգիպտոսի նախագահը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատը սպաննելու փորձեր կան: Ան ըսաւ, թէ Պաղեստինի մէջ բռնաճնշումները, պաղեստինեան տնտեսութեան սահմանափակումն ու օրէնքը անտեսող միջազգային վարմունքը տեղի պիտի չունենային, առանց ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի նկատմամբ աջակցութեան:

«Ամերիկան յայտարարեց, թէ կը ճանչնայ սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի Իսրայէլի բռնակցումը, ինչ որ կը մերժենք, եւ զայն կը մերժէ նաեւ ամբողջ աշխարհը», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ այդ քայլին պիտի յաջորդեն աւելի վտանգաւոր ու մեծ քայլեր: «Ամերիկան խաղաղութեան հոլովոյթին ոչ պարկեշտ միջնորդ է», նշեց Ապպաս եւ եւրոպական ու այլ պետութիւններուն կոչ ուղղեց ճանչնալու Պաղեստինը:

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը որեւէ առանցքի մաս պիտի չկազմէ եւ անոր միջազգային, մասնաւորաբար դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն հիմնական սկզբունքը հասարակաց շահերն են: Ան եւս նշեց, թէ պաղեստինեան դատը արաբական եւ իսլամական աշխարհի գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է, իսկ «Կոլանը սուրիական բռնագրաւուած հող է»:

Վեհաժողովի աւարտին Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Խամիս Ժահինաուի կարդաց վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած է. «Անընդունելի է շարունակութիւնը ներկայ կացութեան, որ շրջանը վերածած է լարուածութեան ու տագնապի շրջանի, եւ անընդունելի է շրջանին մէջ արտաքին միջամտութիւններու շարունակութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը կ’ընդգծէ Պաղեստինեան դատի կեդրոնական ըլլալու հանգամանքը` աւելցնելով, որ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատումը հիմնուած է պաղեստինեան դատի արդար ու համապարփակ լուծման վրայ: Ժողովին մասնակիցները կոչ ուղղեցին պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր սրբազան վայրերուն պէտք եղած միջազգային պաշտպանութիւնը ապահովելու:

Անոնք մերժեցին Երուսաղէմի օրինական կարգավիճակը փոխելու իսրայէլեան միակողմանի քայլերը` վերահաստատելով, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ամերիկեան որոշումը հակաօրինական է: Վեհաժողովը աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղեց` իրենց դեսպանատուները չփոխադրելու Երուսաղէմ կամ քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաք չճանչնալու:

«Կը վերահաստատենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին մեր աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին, որ կը պահպանէ անոր ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը», կը շեշտեն վեհաժողովին մասնակիցները` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կոլանի վերաբերեալ որոշումը չի փոխեր անոր բռնագրաւեալ սուրիական հող ըլլալու օրինական կարգավիճակը»: Վեհաժողովը  Սուրիոյ բռնագրաւեալ Կոլանին վերատիրանալու ջանքերուն արաբական ամբողջական աջակցութիւն յայտնեց:

Թունուզի վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը Մազարեհ Շըպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն լիբանանեան ըլլալը շեշտեց:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. Իշխող Կուսակցութիւնը Կորսնցուց Անգարան Եւ Իզմիրը, Պոլսոյ Մէջ Արդիւնքը Կը Մնայ Վիճելի

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութեան Ա. Փուլին Յաղթականը Զելենսքին Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?