Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ Թունուզի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու` Արաբական 30-րդ վեհաժողովի օրակարգի քննարկման յատկացուած ժողովի ընթացքին շեշտեց. «Կոլանը սուրիական արաբական բռնագրաւուած հող է` ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն, եւ բռնագրաւումի օրինականացումը սխալ արարք է»: Ան աւելցուց, որ «Կոլանի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը իրաւական որեւէ արդիւնք չունի»:
«Արաբական աշխարհը համաձայն է անզիջելի հարցերու շուրջ, եւ արաբները կը մերժեն բռնագրաւումը այլ անունով կոչել», ըսաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մենք կ՛աջակցինք 1967-ի սահմաններով եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պետութիւն հաստատելու պաղեստինցիներու պայքարին, եւ կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ շրջանի տագնապները Երուսաղէմի դատէն ու Պաղեստինէն ուշադրութիւնը շեղած են», շեշտեց Ապուլղէյթ:



