«Իսրայէլի Հետ Չհաղորդակցելու Արաբական Որոշումը Շատ Սխալ Որոշում Էր» Կ՛ըսէ Քըրքաշ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ յայտնեց. «Պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթացի արձանագրութեան համար` արաբական պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները կարիքը ունին շրջադարձի մը»: «Արաբական բազմաթիւ երկիրներու Իսրայէլի հետ երկխօսութիւն չկատարելու որոշումը բարդացուց տասնամեակներէ ի վեր լուծումի հասնելու ջանքերը», ըսաւ ան: «Տարիներ առաջ որդեգրուեցաւ Իսրայէլի հետ չհաղորդակցելու արաբական որոշում մը, սակայն յետադարձ ակնարկով այդ որոշումը շատ սխալ էր»,...



















