Ամերիկացի չորս ծերակուտականներ մշակած եւ Ծերակոյտին ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որուն նպատակը արգելափակելն է Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-35» կործանիչներու մատակարարումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Օրինագիծի մշակումին մասնակցած են թէ՛ Հանրապետական, թէ՛ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Մասնաւորաբար օրինագիծի համահեղինակները` հանրապետական ծերակուտականներ Ճէյմս Լենքֆորտ եւ Թամ Թիլիս, դեմոկրատականներ Ճին Շեհին եւ Քրիս Վան Հոլեն:
Ըստ օրինագիծին, Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ սկսին «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումը Թուրքիոյ, մինչեւ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Ծերակոյտին չներկայացնէ համոզիչ փաստարկներ, թէ Թուրքիան լիովին հրաժարած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումէն:
Օրինագիծին համահեղինակներէն Ճին Շեհին յայտնած է, որ ռուսական այդ զինատեսակի` ՕԹԱՆ-ի անդամ եղող Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելուն պարագային Ռուսիան կրնայ դիւրութեամբ տեղեկութիւններ ստանալ ամերիկեան կործանիչներու մասին, ինչ որ լուրջ սպառնալիք է ամերիկեան կողմին համար:



