«Թուրքիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Հասան Իրենց Բարձրագոյն Մակարդակին» Կ՛ըսէ Արիասա
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Արէասայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Վենեզուելայի մէջ որեւէ ժխտական զարգացում կ՛ազդէ ամբողջ լատինամերիկեան ցամաքամասին եւ ընդհանրապէս քարայիպեան շրջանին վրայ»:
«Պիտի շարունակենք Վենեզուելային աջակցիլ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Արէասա իր կարգին յայտարարեց. «Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները հասան իրենց բարձրագոյն մակարդակին»:
«Թուրքիան` նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, դժուար ժամանակներու ընթացքին Վենեզուելայի կողքին կանգնելով մեզի տուաւ բարեկամութեան տիպար օրինակ մը», նշեց ան:



