Զօր. Ֆրանք Մքենզի ստանձնեց կարգ մը երկիրներու, որոնց շարքին` Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործունէութեան հսկող մարմինին` ամերիկեան բանակի կեդրոնական սպայակոյտի հրամանատարի պաշտօնը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահանի ներկայութեամբ պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին զօր. Մքենզի խոստացաւ շարունակել իր նախորդին` հանգստեան կոչուած զօր. Ճոզըֆ Վոթըլի աշխատանքը:
Վերջինս իր կարգին յայտնեց, որ այն պահուն, երբ ՏԱՀԵՇ կորսնցուց իր խալիֆայութիւնը` եւ Թալեպան շարժումին հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին` Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը կը շարունակէ կենսական մնալ:



