Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու, նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ընդունեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուէն իր կրած պարտութիւնը, սակայն աւելցուց. «Պոլսոյ մէջ հարցերը տակաւին չեն վճռուած, եւ ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքը կրնայ փոխուիլ»: Վերջինս Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահէն 25 հազար քուէ աւելի ապահոված է:
Ան յայտնեց, թէ չեղեալ նկատուած 319.500 քուէներ կան, որոնք տասնապատիկն են իր եւ մրցակիցին միջեւ քուէներու տարբերութեան, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են խախտումներ եւ սխալներ` աւելցնելով. «Այդ տարբերութիւնը կրնայ փոխել (ընտրութեանց) արդիւնքը»:
«Մենք գիտենք ինչպէս շնորհաւորել, սակայն հարցերը տակաւին չեն վերջացած», շեշտեց ան:
Եըլտըրըմ յայտնեց, որ քուէարկողը իր խօսքը ըսաւ եւ թեկնածուն, որ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբէն պիտի ստանայ համապատասխան փաստաթուղթը, պիտի ըլլայ Պոլսոյ քաղաքապետ:
Նշենք, որ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահը յայտարարած էր, թէ Պոլսոյ մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Իքրամ Իմամօղլու ապահոված է 4 միլիոն 159 հազար քուէ, իսկ Եըլտըրըմ` 4 միլիոն 131 հազար քուէ:
Ընդդիմութիւնը նաեւ յաղթանակ արձանագրած էր Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ:
Կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը տիրացած է 39 քաղաքապետութիւններու, իսկ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 21 քաղաքապետութիւններու, որոնց շարքին` մայրաքաղաք Անգարան, Պոլիսը, Իզմիրը եւ Անթալիան:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը տիրացած է 11 քաղաքապետութիւններու, իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 8 քաղաքապետութիւններու, որոնց շարքին է Տիգրանակերտը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանելով ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտնեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ երկրին թիւ մէկ կուսակցութիւնը, հակառակ կարգ մը քաղաքներու մէջ իր կրած պարտութիւններուն: