Միջազգային

«Կանգնած Ենք Համաձայնագիրով Եւրոպական  Միութիւնը Լքելու Կամ Անոր Կազմէն  Դուրս Չգալու Ընտրութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

«Կանգնած Ենք Համաձայնագիրով Եւրոպական Միութիւնը Լքելու Կամ Անոր Կազմէն Դուրս Չգալու Ընտրութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարած է, թէ «Պրեքզիթ»-ը` Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը կրնայ տեղի չունենալ, եթէ խորհրդարանն ու կառավարութիւնը չկարենան համաձայնութիւն գոյացնել համապատասխան գործարքի վերաբերեալ: Մէյի այս յայտարարութիւնը տեղադրուած է Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: «Վարչապետ դառնալէս ի վեր ես իմ առաջնահերթութիւնս նկատած եմ «Պրեքզիթ»-ի իրականացումը, եւ այսօր ալ ատիկա կը մնայ առաջնահերթութիւն: Կ՛ուզեմ, որ Բրիտանիան պատշաճ կերպով կարելի...

Սէուտական Արաբիա Կը Սպառնայ Քարիւղը  Ամերիկեան Տոլարէն Այլ Դրամանիշերով Ծախել

Սէուտական Արաբիա Կը Սպառնայ Քարիւղը Ամերիկեան Տոլարէն Այլ Դրամանիշերով Ծախել

Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն սպառնացած է քարիւղի վաճառքը կատարել ամերիկեան տոլարէն այլ դրամանիշերով, եթէ Ուաշինկթընը ընդունի ՆՕՓԵՔ օրէնքը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ՛արտօնէ դատարաններուն մէջ հակամենատիրական հայցեր յարուցել ՕՓԵՔ-ի անդամ երկիրներու դէմ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթային քաղաքականութենէն լաւատեղեակ աղբիւրներ: Գործակալութեան աղբիւրներուն տուեալներով` Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները քանի մը ամիսէ ի վեր կը քննարկեն այդ տարբերակը:...

«Էս-400»-ները Պիտի Պաշտպանեն  Եւրոպական Միութեան  Եւ ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները»  Կ՛ըսէ Չելիք

«Էս-400»-ները Պիտի Պաշտպանեն Եւրոպական Միութեան Եւ ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները» Կ՛ըսէ Չելիք

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Էօմեր Չելիք յայտարարած է, թէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ո՛չ միայն Թուրքիան պիտի պաշտպանեն, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Չելիք նշած է, որ Թուրքիան ստիպուած եղած է այլ տարբերակներ փնտռել իր հակաօդային պաշտպանութիւնը ուժեղացնելու համար, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու առաջարկած «Փաթրիոթ»...

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան  25-ամեակի Նշման Համար  100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ

Երէկ Ռուանտայի մէջ ընթացք առին երկրին բնակչութեան շուրջ մէկ տասներորդին կեանքերը խլած Ռուանտական ցեղասպանութեան 25-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները: Երկիրը 100 օր, 1994-ին 800.000 ռուանտացիներու ջարդին տեւողութեան չափ, սուգ պիտի պահէ եւ լուռ պիտի մնայ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ հարիւրօրեայ սուգին ընթացքին կ՛արգիլուին խնճոյքները, բարձր երաժշտութիւնը եւ մինչեւ իսկ բարձրաձայն խնդալը: Նախագահ Փոլ Քակամէ, որ ցեղասպանութեան վերջ տուած ըմբոստներու ուժերու հրամանատարն էր,...

«Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային  Այսրյորդանանի Բնակեցման Վայրերը  Պիտի Առնեմ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Տակ»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային Այսրյորդանանի Բնակեցման Վայրերը Պիտի Առնեմ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Այսրյորդանանի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը պիտի առնէ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ, եթէ 9 ապրիլին նախատեսուած երեսփոխանական արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ: Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը չէ տարածած բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի իսրայէլեան բնակեցման մեծ վայրերուն վրայ, ինչպէս պատահեցաւ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ սուրիական բռնագրաւեալ...

Մինչ Լարուածութիւնը Կը Բարձրանայ,  Օտար Ուժերը Կը Հեռանան Լիպիայէն

Մինչ Լարուածութիւնը Կը Բարձրանայ, Օտար Ուժերը Կը Հեռանան Լիպիայէն

Օտար ուժերը սկսան իրենց անձնակազմերը հեռացնել Լիպիայէն` տեղւոյն անվտանգութեան պայմաններու վատթարացման պատճառով: Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժերու հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու ջոկատ մը տեղափոխած է, իսկ Հնդկաստան նշեց, որ իր խաղաղապահ ուժերը հեռացուցած է դէպի Թունուզ: Իտալական քարիւղի եւ կազի բազմազգեան «Էնի» ընկերութիւնը որոշեց իր անձնակազմի իտալացի անդամները հեռացնել երկրէն: ՄԱԿ-ը եւս իր անձնակազմի ոչ կենսական անդամները պիտի հեռացնէ...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Փենթակոն. «Էս-400»-ներու Հարցով Տարակարծութիւնը Քննարկելու Համար Աշխատանքային Խմբակի Մը Ստեղծումը Լուծման Համար Ո՛չ Կարեւոր, Ո՛չ Ալ Միջոց Է»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էրիք Փահոն յայտնեց, թէ Փենթակոնը թրքական իշխանութիւններուն հետ չի սերտեր Անգարայի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու ծրագիրին շուրջ առկայ տարակարծութիւնը քննարկելու համար աշխատանքային խմբակ մը յառաջացնելու հարցը: «Ներկայ փուլին թեքնիք աշխատանքային խմբակի մը ստեղծման կարիք չկայ, եւ Միացեալ Նահանգներ նման բան չի քննարկեր իբրեւ տարակարծութեան լուծումի միջոց», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց...

Փոմփէօ. «Ուաշինկթըն Պատրաստ Է  Հակադարձելու Վենեզուելայի Մէջ  Ռուսիոյ Զինուորական Ներկայութեան»

Փոմփէօ. «Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Հակադարձելու Վենեզուելայի Մէջ Ռուսիոյ Զինուորական Ներկայութեան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ «Ուաշինկթըն պատրաստ է հակադարձելու Վենեզուելայի մէջ ռուս զինուորներու ներկայութեան»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ժողովէն ետք վերահաստատեց այն պնդումը, թէ ռուս զինուորները պէտք է հեռանան Վենեզուելայէն: Յիշեցնենք, որ ռուս զինուորական խորհրդատուներ զինուորական երկու օդանաւերով հասած էին Վենեզուելա: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ ռուս զինուորական մասնագէտները Վենեզուելա...

Լոնտոն Կը Խնդրէ «Պրեքզիթ»-ը Յետաձգել  Մինչեւ 30 Յունիս, Պրիւքսել  Թերեւս Մէկ Տարի Տրամադրէ

Լոնտոն Կը Խնդրէ «Պրեքզիթ»-ը Յետաձգել Մինչեւ 30 Յունիս, Պրիւքսել Թերեւս Մէկ Տարի Տրամադրէ

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքին դիմած է` «Պրեքզիթ»-ը մինչեւ 30 յունիս յետաձգելու պաշտօնական նամակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Որեւէ համաձայնութեան բացակայութեան պարագային, «Պրեքզիթ»-ը պէտք է տեղի ունենայ 12 ապրիլին: Թուսքին հասցէագրուած նամակին մէջ Մէյ գրած է, թէ Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս պիտի գայ նախքան 23 մայիսին սկիզբ առնող Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները, եթէ բրիտանացի օրէնսդիրները վաւերացնեն...

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Անգարան`  Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքը Զինուորական  Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Անգարան` Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքը Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Ուաշինկթընի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին զգուշացուցած է «Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը թրքական զինուորական որեւէ հաւանական գործողութեան մը քանդիչ հետեւանքներէն»: Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի հարցով ընթացող բանակցութիւններուն` մտահոգութիւն յայտնելով շրջանին մէջ թրքական միակողմանի որեւէ գործողութենէ: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին Թուրքիան...

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց  «Պրեքզիթ»-էն Ետք Բրիտանիոյ Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Օրինագիծը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-էն Ետք Բրիտանիոյ Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Օրինագիծը

Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանները հաւանութիւն տուած են այն օրինագիծին, որուն համաձայն, Բրիտանիոյ քաղաքացիները երկրին` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք պիտի կարողանան Շենկենի գօտիի երկիրներ մեկնիլ առանց մուտքի արտօնագիրի: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը: Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան թեր քուէարկած է 502 երեսփոխան, դէմ` 81, իսկ 29 երեսփոխաններ մնացած են ձեռնպահ: Փաստաթուղթի կէտերուն համաձայն,...

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Մեր Բանակի Զինուորներն Են, Որ,  Սուրիացիներուն Հետ Համակարգումով,  Գտան Իսրայէլի Զինուորին Դիակը»  Ըսաւ Փութին

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Մեր Բանակի Զինուորներն Են, Որ, Սուրիացիներուն Հետ Համակարգումով, Գտան Իսրայէլի Զինուորին Դիակը» Ըսաւ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Ռուսական բանակի զինուորներն են, որ, սուրիացիներուն հետ համակարգումով, Սուրիոյ մէջ յայտնաբերեցին իսրայէլացի զինուոր Զախարի Պաումիլի դիակը»: Ան Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ իսրայէլացի զինուորին դիակը Նեթանիահուի ընկերակցութեամբ «այսօր (երէկ) պիտի փոխադրուի Իսրայէլ»: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարած էր, թէ իր երկիրը վերատիրացած է 1982-ին, իսրայէլեան բանակի Լիբանան ներխուժման...

Այսօր «Սադրիչ Մեծ Արարք» Մը Նախատեսելով.  Մոսկուա. «Ուաշինկթըն Կը Ծրագրէ  Զէնք Տրամադրել  Վենեզուելայի Մէջ Ընդդիմութեան»

«Ռուսիան Լրջագոյն Մարտահրաւէր Կը Նկատէ Անդրկովկասի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ ՕԹԱՆ-ի Գործողութիւնները» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան լրջագոյն մարտահրաւէր կը նկատէ Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի քայլերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Այսօր այստեղ ամբողջութեամբ կը դրսեւորուի ԱՊՀ-ի տարածքը իրենց նմուշներով վերաձեւելու արտաշրջանային յայտնի ուժերու բացայայտ նկրտումը: Ռուսիոյ համար լրջագոյն ռազմաքաղաքական մարտահրաւէր կը նկատենք Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղուած Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի...

Կուայտոյի Դէմ Քրէական Հետապնդում

Կուայտոյի Դէմ Քրէական Հետապնդում

Վենեզուելայի իշխանութիւնները քրէական հետապնդումի սկսած են ընդդիմութեան ղեկավար, երկիրի ինքնահռչակ նախագահ Խուան Կուայտոյի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սահմանադիր ժողովի իրաւունքի հարցերով յանձնախումբի նախագահ Խուլիօ Կարսիա Սերփային: Վերջինս յայտնած է, թէ քրէական հետապնդմամբ կը զբաղին Գերագոյն դատարանն ու գլխաւոր դատախազը: Սերփան նշած է, որ արդարադատութիւնը որոշում պիտի տայ համապատասխան ապացոյցերու հիման վրայ, եւ Կուայտոն...

Թիֆլիս. «Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայ  Տարակարծութիւն Պետական  Սահմանի 34 Առ Հարիւրին Վերաբերեալ»

Թիֆլիս. «Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայ Տարակարծութիւն Պետական Սահմանի 34 Առ Հարիւրին Վերաբերեալ»

Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի 34 առ հարիւրին վերաբերեալ կան տարակարծութիւններ: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, եւ արդէն ճշգրտուած է սահմաններու 66 առ հարիւրը: Ներկայ պահուս կը թարմացուի սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատանքներ տանող յանձնախումբի կազմը, եւ շուտով պիտի վերսկսին բանակցութիւնները: Տակաւին կը...

«Թուրքիան Պէտք Է Ընդունի  Ընտրութիւններու Օրինական Արդիւնքները»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

«Թուրքիան Պէտք Է Ընդունի Ընտրութիւններու Օրինական Արդիւնքները» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալլատինօ Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող դէպքերուն առնչութեամբ նշած է. «Մենք արդէն տեսած ենք բողոքարկումներուն վերաբերեալ նորութիւնները: Արդար եւ ազատ ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան կարեւոր տարրերէն են: Ներառեալ նաեւ ատոր օրինական արդիւնքները ընդունիլը: Այդ իմաստով երկարատեւ եւ վստահելի ընտրական աւանդութիւն ունեցող Թուրքիայէն աւելին չենք սպասեր»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յայտարարութեան հակադարձած է...

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Մնայ  ՕԹԱՆ-ի Անդամ, Սակայն  Պէտք Է Հրաժարի «Էս-400»-ներէն

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Մնայ ՕԹԱՆ-ի Անդամ, Սակայն Պէտք Է Հրաժարի «Էս-400»-ներէն

Միացեալ Նահանգներ յայտարարած են, թէ կ՛ուզեն Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ տեսնել միայն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն հրաժարելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Քէյ Պէյլի Հաչիսթընին: Վերջինս յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ուզէ, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ մնայ, սակայն ատոր համար պէտք չէ իր տարածքին մէջ «Էս-400» համակարգեր տեղակայէ: Ամերիկացի...

«Թուրքիան Որոշած Է Քիւրտերուն Դէմ  Ցեղասպանութիւն Գործել»  Կ՛ըսէ Հասսուն

«Թուրքիան Որոշած Է Քիւրտերուն Դէմ Ցեղասպանութիւն Գործել» Կ՛ըսէ Հասսուն

Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համանախագահ Այիշա Հասսուն «Ահվալ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքած է այն տեսակէտը, թէ Սուրիոյ քիւրտերը Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիք են, եւ այս մեղադրանքները Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները բռնագրաւել ուզող թրքական կառավարութեան կողմէ իբրեւ պատճառաբանութիւն կ՛օգտագործուին: Ըստ Հասսունի, Թուրքիան չ՛ընդունիր այս տարածքներուն մէջ ոչ մէկ քաղաքական միաւորման գոյութիւնը. «Թուրքիան որոշած է քիւրտերու ցեղասպանութիւն գործել, զանոնք իբրեւ...

Վենեզուելայի Սահմանադիր Ժողովը  Կուայտոն Զրկեց Անձեռնմխելիութենէ

Վենեզուելայի Սահմանադիր Ժողովը Կուայտոն Զրկեց Անձեռնմխելիութենէ

Վենեզուելայի Սահմանադիր ժողովը երկրի խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտոն զրկեց անձեռնմխելիութենէ: Ժողովի նախագահ Տիոստատօ Քապիլօ յայտարարեց, թէ Սահմանադիր ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկած է ի նպաստ Կուայտոյի դէմ Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանին մօտ դատական հայցի շարունակումը արտօնելու: Ընդդիմութեան ղեկավարը յայտնեց, որ այն մտավախութիւնը ունի, թէ յառաջիկայ օրերուն կրնայ ձերբակալուիլ: Ան մերժեց զինք անձեռնմխելիութենէ զրկելու քայլը, ձերբակալման նկատմամբ մտավախութիւն յայտնեց` կառավարութիւնը ամբաստանելով իրենց իրաւունքները պահանջող...

Իրանէն Քարիւղի Գնումը Դադրեցուցած  Երկիրներուն Թիւը Հասած Է 23-Ի

Իրանէն Քարիւղի Գնումը Դադրեցուցած Երկիրներուն Թիւը Հասած Է 23-Ի

Իրանէն քարիւղ գնող եւ այժմ ատոր ներածումը ամբողջովին դադրեցուցած երկիրներուն թիւը հասած է 23-ի, որոնց շարքին են այն երեք պետութիւնները, որոնք ժամանակաւորապէս դուրս բերուած էին ամերիկեան պատժամիջոցներու ազդեցութենէն: Այս մասին յայտարարած է Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Պրայըն Հուք` արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ...

Page 537 of 884 1 … 536 537 538 … 884

Արխիւներ