Բրիտանիոյ նախարարաց խորհուրդը մտադիր է այսօր խորհրդարանին մէջ նախաձեռնել երրորդ քուէարկութեան Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրին շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարեց Համայնքներու պալատի ղեկավար (խորհրդարանին մէջ կառավարութեան տէ ֆաքթօ ներկայացուցիչ) Անտրիա Լիտսըմ:
«(Գործարքին շուրջ) ներկայացուած առաջարկը պիտի համապատասխանէ խորհրդարանի նախագահի որոշումին: 22 մայիսին մեր (Եւրոպական Միութենէն) դուրս գալը երաշխաւորելու միակ միջոցը մինչեւ 29 մարտի ժամը 23:00-ը, այսինքն` վաղը դուրս գալու վերաբերեալ համաձայնագիրի որդեգրումն է», ըսած է ան:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան խորհրդարանին կողմէ որդեգրումէն ետք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ խորհրդարանը չորեքշաբթի գիշեր չկրցաւ համաձայնութիւն գոյացնել «Պրեքզիթ»-ի այլընտրանքային 8 տարբերակներէն որեւէ մէկուն շուրջ:
Առաջարկները ներկայացուցած էին երեսփոխանները` վարչապետ Թերեզա Մէյի ծրագիրը երկու անգամ մերժելէ ետք: Տարբերակներու շարքին էին Եւրոպական Միութեան հետ միեւնոյն մաքսային միութեան մէջ մնալու, նոր հանրաքուէ կատարելու, առանց որեւէ համաձայնագիրի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու եւ այլ տարբերակներ, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը մեծամասնութեան հաւանութեան չարժանացաւ: Այս պատճառով ալ որոշուեցաւ քուէարկութիւն մը եւս կազմակերպել յառաջիկայ երկուշաբթի օր` քննարկման դնելով նոր առաջարկներ:



