«Եւրոպական Միութիւնը` Չդատապարտելով Թուրքիան, Կ՛արտօնէ Կարծել, Որ Կրնայ Շարունակել Ներկայ Վարքագիծը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը
10-11 դեկտեմբերին կայանալիք Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Թուրքիոյ պէտք է յստակ ազդանշան տան այն մասին, որ վերջինիս վարքը դուրս եկած է թոյլատրելի սահմաններէն: «Էքաթիմերինի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը: Յունական դիւանագիտութեան պետը «Պլումպերկ»¬ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Եւրոպան պէտք է դատապարտէ Թուրքիոյ գործողութիւնները` նախազգուշացնելով, որ քայլեր ձեռնարկելու...




















