Չեխիոյ զինուորական հետախուզութիւնը 2019 թուականի իր գործունէութեան մասին զեկուցումի մը մէջ կը յայտնէ հաւանական Համաշխարհային Գ. պատերազմի վտանգի մասին: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Լիթովէ Նովինի» օրաթերթին:
«Հաւանական համաշխարհային տագնապը, որուն ուղղութեամբ այժմ կը շարժի աշխարհը, տակաւին ձեւաւորման առաջին փուլին մէջ է: Այժմ կը ձեւաւորուի մտածողութիւնը անոնց, որոնք պիտի կարենան ու պիտի ուզեն ատոր աշխուժ մասնակցիլ: Աստիճանաբար կ՛որոշուին թեքնիք միջոցները, որոնց գործածութեամբ ալ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ վարել: Եթէ մենք ի վիճակի չըլլանք կանխատեսել ու հեռաձայնել սեփական քայլերու հետեւանքները, ապա սխալ ցուցմունքները կամ հրամանը կրնան ստեղծել իրավիճակներ, որոնք պիտի յանգեցնեն մեր փոխադարձ ոչնչացման», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Զեկուցումին համաձայն, յատկապէս լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ նորարարական ճարտարագիտութիւններու օգտագործումը: Համաշխարհային զինուորական տագնապի պատճառ կրնան դառնալ համացանցային յարձակումները կամ յարձակումները քաղաքային անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով, որոնք կարելի է դիւրութեամբ վերածել մարտականի:
Համաշխարհային Գ. պատերազմի պատճառ կրնայ դառնալ նաեւ գերտէրութիւններու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ լարուածութեան շարունակական աճը, ինչ որ խիստ բացասաբար կ՛ազդէ միւս պետութիւններուն վրայ: Բացի ատկէ, լուրջ հակասութիւններ կը նկատուին նաեւ անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ իրարու դաշնակից նկատուող երկիրներու միջեւ, եւ այս լոյսին տակ կը թուլանայ միջազգային իրաւունքը:
«2019 թուականին կը զգացուէր սովորական երկխօսութեան պակաս, կ՛ուժեղանային առճակատումները իբրեւ գլուխ բարձրացնող խնդիրներու եւ հակասութիւններու լուծման միջոց: Կասկածի տակ կ՛առնուէին միջազգային հիմնարկները, զինուորական պլոքներու, զինաթափման համաձայնագիրներու եւ գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգի դերը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ: