Միջազգային

Թուրքիոյ Հետ Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Յունաստան Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Փոխադարձ Պաշտպանութեան Մասին Դաշնագիր Կնքած Են

Թուրքիոյ Հետ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Յունաստան Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Փոխադարձ Պաշտպանութեան Մասին Դաշնագիր Կնքած Են

Յունաստանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կնքած են փոխադարձ պաշտպանութեան մասին պայմանագիր մը, որ կը նախատեսէ երկիրներէ որեւէ մէկուն տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգի պարագային օգնութիւն ցուցաբերել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ»-ը: Կը նշուի, որ յիշեալ դաշնագիրը մաս կը կազմէ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին աւելի լայն համաձայնագիրին: «Յունաստանը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի Հանրապետութեան եւ Կիպրոսի...

Աբխազիոյ Նախագահը Նշած Է Այն Դասերը,  Զորս Երկիրը Պէտք Է Քաղէ Լեռնային Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակէն

Աբխազիոյ Նախագահը Նշած Է Այն Դասերը, Զորս Երկիրը Պէտք Է Քաղէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակէն

Շատ դժուար է ինքնահաստատուիլ համաշխարհային ասպարէզի մէջ առանց բարեկամ ուժեղ պետութեան աջակցութեան: «Իէյտէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Պժանիա` մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: «Լաւ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայ այդպիսի հզօր զսպող գործօն, ինչպիսին Ռուսիան է», ըսած է Պժանիա: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ դասեր կրնայ քաղել Աբխազիան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններէն,...

Թուրքիա Ահաբեկիչներու Ընտանիքները  Կը Տեղափոխէ Արցախ` Ժողովրդագրական  Վիճակը Փոխելու Համար

Թուրքիա Ահաբեկիչներու Ընտանիքները Կը Տեղափոխէ Արցախ` Ժողովրդագրական Վիճակը Փոխելու Համար

«Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի սեփական աղբիւրներուն համաձայն, թրքական կառավարութիւնը արաբ եւ թիւրքմէն տասնեակ ընտանիքներ Հիւսիսային Սուրիայէն տեղափոխած է Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, որպէսզի փոխէ շրջանին մէջ ժողովրդագրական վիճակը: «Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ինքնավար վարչակազմ»-ի ներկայացուցիչ Շաֆան Հապուրի հաստատած է այս տեղեկութիւնները` նշելով, որ այն տարածքները, ուր ընտանիքները կը տեղափոխուին, քիւրտերը կը կոչեն «Կարմիր Քիւրտիստան»: «Կարմիր Քիւրտիստան»-ը ստեղծուած է 1923-ին Լենինի եւ Ստալինի...

Եւրոպական Միութիւն. «Իսրայէլ Պէտք Է Հրաժարի Պաղեստինեան Բռնագրաւեալ Տարածքներու Բռնակցումէն»

Պորել Շեշտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան: Պորել, ըստ այնմ, կարեւոր նկատած է խաղաղութեան հաստատման ու հաշտեցման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ծիրին...

Թրքական Զինուորական Մեծ Շարասիւն Մը Մուտք  Գործած Է Սուրիոյ-Հիւսիս-Արեւմուտք

Թրքական Զինուորական Մեծ Շարասիւն Մը Մուտք Գործած Է Սուրիոյ-Հիւսիս-Արեւմուտք

Մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլալով թրքական զինուորական մեծ շարասիւն մը մուտք գործած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը` յղում կատարելով սուրիական ընդդիմութեան գործիչներու: Զինուորական շարասիւնը Սուրիոյ Իտլիպի սահմանը կտրած է Ալեքսանտրեթ նահանգէն` ուղղուելով դէպի շարք մը հսկողութեան կէտեր: Ըստ աղբիւրին, թրքական զինուորական շարասիւնը բաղկացած եղած է Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերու համար նախատեսուած մեծ քանակութեամբ զինուորական սարքերէ...

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Թրքական Կողմին Նախաձեռնութեամբ` Փութին – Էրտողան Հերթական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Փութին-Էրտողան հերթական հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Քրեմլինի համաձայն, Ռուսիոյ նախագահը իր թուրք պաշտօնակիցին տեղեկացուցած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան մասին: Զրուցակիցները նաեւ խօսած են տեղահանուածներու վերադարձի, ենթակառոյցներու վերականգնման, մշակութային եւ կրօնական կոթողներու պահպանման առնչուած անյետաձգելի խնդիրները լուծելու առաջնահերթութիւնը: Փութին եւ Էրտողան միտքեր փոխանակած են տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի վերահսկման կեդրոնի ստեղծման ընթացիկ աշխատանքներու շուրջ: Թուրքիոյ...

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Աշխարհի Վրայ  Յառաջատար Դեր Պիտի Խաղան.  «Ամերիկան Վերադարձած Է. Մարտահրաւէր`  Հակառակորդներուն, Համագործակցութիւն`  Աւանդական Դաշնակիցներուն Հետ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Աշխարհի Վրայ Յառաջատար Դեր Պիտի Խաղան. «Ամերիկան Վերադարձած Է. Մարտահրաւէր` Հակառակորդներուն, Համագործակցութիւն` Աւանդական Դաշնակիցներուն Հետ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ ամերիկեան յաջորդ վարչակազմը մարտահրաւէր պիտի ուղղէ հակառակորդներուն եւ պիտի չմերժէ դաշնակիցները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ամերիկան վերադարձած է: Աշխարհի վրայ յառաջատար դեր պիտի խաղանք եւ ատկէ ետք պիտի չկանգնինք, պիտի չմերժենք մեր դաշնակիցները, պիտի պաշտպանենք մեր արժէքները», նշած է Պայտըն, որ յաղթող ճանչցուած է Միացեալ...

«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պիտի Դառնան  Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Երաշխաւորներ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պիտի Դառնան Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Երաշխաւորներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Մենք մեծ ներդրում ունեցած ենք Ղարաբաղի մէջ երեսուն տարի տեւած անարդարութեան ջնջման գործին մէջ», Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է այն քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին Ղարաբաղի մէջ հիմնախնդիրի լուծման համար: «Թուրքիան, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը...

Փեսքով Հերքած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Ռուսական Խաղաղապահ Ուժերու Թիւի Յաւելման  Վերաբերեալ Տեղեկութիւնը

Փեսքով Հերքած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսական Խաղաղապահ Ուժերու Թիւի Յաւելման Վերաբերեալ Տեղեկութիւնը

Քրեմլինի մէջ սխալ նկատած են ստեղծուած այն տպաւորութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տրամադրուած ուժերը ընդլայնուած են. «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է տարանջատել զինուորական խաղաղապահներու եւ այնտեղ ստեղծուած մարդասիրական կեդրոնի աշխատանքները: «Ոչ, ատիկա սխալ տպաւորութիւն է», յայտարարած է Փեսքով` պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն խնդրանքին` բացատրելու, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի...

Թուրքիան Կը Շարունակէ Բանակցիլ Ռուսիոյ Հետ`  Արցախ Թուրք «Խաղաղապահներ» Ուղարկելու Շուրջ

Թուրքիան Կը Շարունակէ Բանակցիլ Ռուսիոյ Հետ` Արցախ Թուրք «Խաղաղապահներ» Ուղարկելու Շուրջ

Ամերիկացի յայտնի լրագրող Լինտսի Սնելլ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կը հաղորդէ, որ զրուցած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարներէն մէկուն հետ, որ ըսած է, թէ կը պատրաստուի Ղարաբաղ երթալու` իբրեւ թրքական խաղաղապահ ուժերու մաս: «…Ասոր մասին կը խօսիմ, որովհետեւ անոնք տակաւին կը հաւատան ատոր: Թուրք պաշտօնեաներն ու թրքական լրատուամիջոցները տակաւին կը պնդեն այս փաստը, եւ, ի հարկէ, Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները կը...

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանի Եւ Քնէյթրայի  Հարաւին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանի Եւ Քնէյթրայի Հարաւին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեքշաբթի կէս գիշերէն առաջ Դամասկոսի գիւղական Ժապալ Մանեհի շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակում մը կատարուած է: ՍԱՆԱ նաեւ նշեց, որ Քնէյթրայի հարաւը գտնուող Ռուէյհանա գիւղին մօտ եւս իսրայէլեան յարձակում մը գործուած է: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ յարձակումը գործուած է բռնագրաւեալ Կոլան բարձունքներուն ուղղութենէն եւ միայն նիւթական վնասներ պատճառած: 18 նոյեմբերին սուրիական զինուորական աղբիւր...

Փութին Ալիեւի Եւ Փաշինեանի Հետ Քննարկած Է  Արցախի Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան  Ապաշրջափակման Ու Տնտեսական Փոխադարձ  Գործակցութեան Առնչուող Հարցեր

Փութին Ալիեւի Եւ Փաշինեանի Հետ Քննարկած Է Արցախի Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Ապաշրջափակման Ու Տնտեսական Փոխադարձ Գործակցութեան Առնչուող Հարցեր

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 23 եւ 24 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին մանրամասն քննարկուած են 21 նոյեմբերին Երեւան ու Պաքու այցելած ռուսական միջնախարարական պատուիրակութեան ուղեւորութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու ղեկավարներու` 9 նոյեմբերի  միացեալ յայտարարութեան կէտերու իրագործման ընթացքը: «Քննարկուած են Լեռնային...

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ  Արցախի Անկախութեան Ճանաչման  Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Այսօր Պիտի Քննարկէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը

18 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը որոշած է քուէարկութեան ներկայացնել «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը, որ Ծերակոյտին մէջ պիտի քննարկուի 25 նոյեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը: Բանաձեւը ստորագրած են Ծերակոյտի առաջին մեծագոյն 5 քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, «որ կը կատարուի թրքական իշխանութիւններու եւ արտասահմանցի վարձկաններու աջակցութեամբ», եւ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակը,  Ընդհանուր Առմամբ, Կը Կարգաւորուի»  Կ՛ըսէ Փութին

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակը, Ընդհանուր Առմամբ, Կը Կարգաւորուի» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան քիչ ջանքեր չի ներդրեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման միջնորդելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ, կը լուծուի. ռուս խաղաղապահները կ՛ապահովեն խաղաղ բնակիչներու անվտանգութիւնը:

Լաւրով. «Արցախի Վերաբերեալ  Յայտարարութեան Կենսունակութիւնը  Կը Վերահաստատուի Ամէն Օր»

Լաւրով. «Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութեան Կենսունակութիւնը Կը Վերահաստատուի Ամէն Օր»

Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան կենսունակութիւնը կը վերահաստատուի ամէն օր: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: Ան նշած է, որ կրակոցի դադրեցման մասին բոլոր պարտաւորութիւնները, որոնց տակ ստորագրած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները, կը կատարուին: Ռուս խաղաղապահները աշխուժ եւ ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ համապատասխան գործողութիւններ ծաւալած են: Անոնք սերտօրէն կը...

Թշնամին Կը Շարունակէ Հրթիռային Հարուածներ Հասցնել Ստեփանակերտին Եւ Շուշիին

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը: «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայ կացութիւնը` հաշուի առնելով տագնապի գօտիին մէջ լիակատար զինադադարի հասնելու նպատակով ռուսական կողմի ձեռնարկած ջանքերը, ինչպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած քաղաքային բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան...

Հայրենի Կեանք

Ալիեւ Յորդորած Է Չմտահոգուիլ Ղարաբաղի Տարածքներուն Մէջ Գտնուող Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ճակատագիրով

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յորդորած է չմտահոգուիլ Ղարաբաղի տարածքներուն մէջ գտնուող քրիստոնէական այն եկեղեցիներուն ճակատագիրով, որոնք անցած են Պաքուի վերահսկողութեան տակ` շեշտելով, որ անոնք բոլորը երկրի պատմական ժառանգութիւնն են: Ազրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ երկրին մէջ բոլոր պատմական յուշարձանները պաշտպանուած են պետութեան կողմէ: Մասնաւորաբար, անոր համաձայն, ներկայիս երկու ուղղափառ եկեղեցիներ կը վերանորոգուին պետական միջոցներուն հաշուոյն, եւ եւս մէկը արդէն վերանորոգուած...

Նեթանիահու Պահրէյն Այցելելու  Հրաւէր Ստացած Է

Նեթանիահու Պահրէյն Այցելելու Հրաւէր Ստացած Է

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Պահրէյնի գահաժառանգ ու վարչապետ Սալման պըն Համատ Ալ Խալիֆա իշխանին հետ: Անոնք քննարկած են Իսրայէլի եւ Պահրէյնի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Նեթանիահու յայտնած է. «Հիմա խօսեցայ Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պըն Համատ Ալ Խալիֆա իշխանին հետ, ինչ որ մեր երկրորդ խօսակցութիւնն էր, եւ շատ մտերմիկ էր»: «Երկուքս...

Առ Ի Գործադրութիւն Մոսկուայի Համաձայնութեան.  Թրքական Ուժերու Նոր Հեռացում` Հարաւային Հալէպէն

Առ Ի Գործադրութիւն Մոսկուայի Համաձայնութեան. Թրքական Ուժերու Նոր Հեռացում` Հարաւային Հալէպէն

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հալէպի հարաւային Ռաշիտին թաղամասին մէջ գտնուող թրքական ուժերը սկսած են կազմաքանդել իրենց դիրքը` առ ի պատրաստութիւն անկէ հեռանալու: Թրքական բանակը քանի մը օր առաջ աւարտած էր Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ Քապթամ Ժապալ եւ Շէյխ Աքիլ գիւղերուն միջեւ գտնուող հսկողութեան երրորդ կէտ մը, որմէ ետք սուրիական բանակը ստանձնած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանի...

Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 Երեսփոխան Եւ 15 Ծերակուտական  Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու  Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Սպանիոյ Քոնկրեսը Ընդունած Է Երեսփոխան Ճոն Ինիարիթուի` Արցախի Վերաբերեալ Առաջարկ-Միջնորդութիւնը

Սպանիոյ Քոնկրեսը ընդունած է երեսփոխան Ճոն Ինիարիթուի հերթական առաջարկ-միջնորդութիւնը, որով Քոնկրեսը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքային եւ զինուորական զոհերու ընտանիքներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը յայտնէ, որ առաջարկ-միջնորդութիւնը կը վերահաստատէ հայ ժողովուրդին հետ խոր բարեկամական կապերը, կարեւոր կը նկատէ հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոններու պաշտպանութիւնը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող կամ անոր վերահսկողութեան տակ...

Page 403 of 883 1 … 402 403 404 … 883

Արխիւներ