Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Հասնիմ Մերձտնեսթրէն Ռուսական Զօրքերու Դուրսբերման» Կ՛ըսէ Մոլտովայի Նորընտիր Նախագահը

Նոյեմբեր 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոլտովայի նորընտիր նախագահ Մայա Սանտու յայտարարած է, որ պիտի հասնի չճանչցուած Մերձտնեսթրէն ռուսական զօրքերու դուրսբերման: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ես պիտի հասնիմ Մերձտնեսթրէն ռուս զինուորներու խումբի դուրսբերման: Ատիկա Մոլտովայի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումն է, որ չէ փոխուած, եւ ես պիտի շարունակեմ զայն յառաջ տանիլ: Այստեղ որեւէ նոր բան չկայ, մեր բոլոր կառավարութիւնները այս դիրքորոշումը ունեցած են` (ռուսական զինուորական) խումբը, զինամթերքը պէտք է դուրս բերուին: Շատ կարեւոր է Մոլտովայի Հանրապետութեան տարածքային անվտանգութեան եւ անկախութեան վերականգնումը», ըսած է Սանտու:

Մերձտնեսթրը, որուն բնակչութեան 60 առ հարիւրը ռուսեր ու ուքրանացիներ են, կը ձգտէր անջատուիլ Մոլտովայէն նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ` վախնալով, որ Մոլտովան պիտի միանայ Ռումանիոյ` ազգայնականութեան ալիքի վրայ:

1992-ին, Մոլտովայի իշխանութիւններուն կողմէ խնդիրը զինուորական ճամբով լուծելու անյաջող փորձէն ետք, Մերձտնեսթրը դարձաւ տարածք մը, որ իրականութեան մէջ չի վերահսկուիր Քիշնեւի կողմէ: Այս տարի կ՛ամբողջանայ Մերձտնեսթրի մէջ խաղաղապահ գործողութեան մեկնարկի 28-ամեակը:

Տագնապի գօտիին մէջ խաղաղութեան կ՛աջակցին 402 ռուս, 492 Մերձտնեսթրէն, 355 մոլտով զինուորներ եւ 10 զինուորական դէտեր Ուքրանիայէն: Խաղաղապահները կը ծառայեն 15 անշարժ կէտերու եւ անցակէտերու վրայ, որոնք տեղակայուած են անվտանգութեան գօտիի առանցքային հատուածներուն վրայ:

Անոնք կը հսկեն պահեստներուն, ուր աւելի քան 20 հազար թոն զինամթերք կայ: Այդ զինամթերքը պահեստներուն մէջ տեղակայուած է խորհրդային զօրքերու` եւրոպական երկիրներէն դուրս գալէն ետք:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութենէն Ռուսիոյ զինեալ ուժերու դուրսբերման հասնելու Մայա Սանտուի մտադրութեան նպատակը խաղաղ լուծման հասնելու ջանքերը խափանելն է:

«Մենք ուշադրութիւն դարձուցած ենք Մոլտովայի նորընտիր նախագահ տիկին Սանտուի` մոլտովական պատկերասփւռի ալիքներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին: Ան, մասնաւորաբար, յայտարարած է Մերձտնեսթրէն Ռուսիոյ զինեալ ուժերու խումբի դուրսբերման հասնելու իր մտադրութեան մասին: Մենք կը նկատենք, որ այս յայտարարութիւնը ուղղորդուած է խափանելու Մերձտնեսթրի հիմնախնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու ջանքերը», ըսած է Զախարովան:

Ան նշած է, որ ռուս խաղաղապահները երկար տարիներէ ի վեր կայունութիւն կ՛ապահովեն Մերձտնեսթրի շրջանին մէջ, եւ բոլոր քաղաքական գործիչներն ու փորձագէտները նախ եւ առաջ պէտք է հաշուի առնեն, որ այլեւս արիւն չի թափուիր եւ այնտեղ կրակոցներ չեն լսուիր: Զախարովայի համաձայն, այս մասին պէտք է յիշել մամուլին մէջ բարձրագոչ յայտարարութիւններ կատարելէ առաջ:

«Խաղաղապահ գործողութեան լիազօրութիւնը յստակ կը նշէ մեր մասնակցութեան շարունակականութիւնը, որ պէտք է բերէ տագնապի լուծման վերաբերեալ քաղաքական համաձայնութիւններու: Տակաւին ատկէ հեռու ենք», իր խօսքը եզրափակած է Զախարովա:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Այսօրուընէ Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Արգիլելու Հաւաքները»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Մէջ «Ժողովրդավարական Արժէքներու» Ամրապնդման Ծրագիր Նախապատրաստած Են

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?