Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու Իր Գերմանացի Պաշտօնակիցը Համեմատած Է «Երես Առած Աշակերտուհիի» Հետ

Նոյեմբեր 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու մեկնաբանած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Անեկրեթ Քրամփ Քարենպաուըրի յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիոյ հետ ինչպէ՛ս պէտք է խօսիլ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Քարենպաուըր 25 նոյեմբերին Պունտըսթակի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ կառավարութեան կոչ ուղղած է սատարելու պաշտպանական ծախսերը բարձր մակարդակի վրայ պահելուն, որպէսզի Եւրոպան կարենայ «ուժի դիրքէ» բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի հետ զինաթափման մասին:

Քրամփ Քարենպաուըր բացատրած է, որ ատիկա առնչուած է այն հանգամանքին հետ, որ ռուսական կողմը կատարած է զանգուածային ներդրումներ իր զինեալ ուժերու արդիականացման համար, ունի նոր զինատեսակներ, եւ անոր կողմէ սպառնալիքը աւելի ակնյայտ կը դառնայ:

Խօսելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակին մասին` Շոյկու յիշեցուցած է, որ այս տարի Սեւ ծովուն մէջ գտած են պատերազմի տարիներուն խորտակուած «Արմենիա» ջերմանաւը` քաղաքային անձերու մասունքներու հետ: Նախարարին կարծիքով` ատիկա պատերազմի բազմաթիւ փուլերէն մէկն է, որուն մասին պէտք է պատմել:

«Յատկապէս, երբ քաղաքական գործիչներու ներկայ սերունդը, ենթադրենք, ինքնին Գերմանիոյ մէջ, կը սկսի մեզի «կեանք սորվեցնել» եւ պատմել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ… այստեղ ատիկա աւելի նման է կրտսեր դասարաններու աշակերտուհիի խօսքին, որ կը մեղադրէ այլ դպրոցի աշակերտները: Այլ խօսքով` աշակերտուհի մը, որուն մայրը կամ հայրը դպրոցի տնօրէնն է: Ան կրնայ ինքնիրեն ամէն ինչ արտօնել: Ընկերներ, մենք ուրիշ դպրոցի մէջ ենք, մեր տնօրէնը ուրիշ մարդ է», յիշեցուցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին Կոչերը Ո՛չ Միայն Նպատակայարմար Չեն, Այլ Նաեւ Աղէտալի Պիտի Ըլլան Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթին Համար» Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը` Չդատապարտելով Թուրքիան, Կ՛արտօնէ Կարծել, Որ Կրնայ Շարունակել Ներկայ Վարքագիծը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?