Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին Որդեգրած Բանաձեւը Փարիզ-Անգարա Տարակարծութիւններու Հետեւանք Է Եւ Խորհրդատուութենէն Անդին Պիտի Չանցնի» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

November 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը շատ առումներով Փարիզի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւններու հետեւանք է:

«Որքան ալ հակասական հնչէ, սակայն կասկած ունիմ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը միայն Լեռնային Ղարաբաղի մասին է. Ֆրանսայի մեր գործընկերներուն անկեղծ յոյզերը հասկնալով` կը կարծեմ, որ անիկա նաեւ Թուրքիոյ կը վերաբերի», նշած է Քոսաչեւ:

Անոր համաձայն, վերջին շաբաթներուն թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները բացասական ուղղութեամբ կը զարգանան, հարցը հասած է իրարու հասցէին բարձր մակարդակով հնչեցուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն:

«Միեւնոյն ժամանակ յայտնի է, որ Թուրքիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ ըլլալով, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բացայայտ ազրպէյճանամէտ դիրքորոշում որդեգրած էր: Եւ այս իրավիճակին մէջ միջազգային գործերու մէջ Թուրքիոյ վարքագիծին պատճառով ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու զայրոյթին գումարուած է ֆրանսական հասարակութեան մէջ աւանդական հայամէտ համակրանքը», կ՛ենթադրէ ծերակուտականը:

Քոսաչեւի կարծիքով` Ծերակոյտին դիրքորոշումը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսան քաղաքականութեան մէջ առայժմ աւելի շատ պատրաստ է ցուցադրական քայլերու, քան կտրուկ գործողութիւններու դիմելու:

«Գործնական գետնի վրայ կասկած չկայ, որ կառավարութեան իբրեւ առաջարկ ուղարկուած նախաձեռնութիւնը այդպէս ալ պիտի մնայ», նշած է քաղաքական գործիչը:

«Գուցէ անիկա դրական միտում ունի, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը պէտք է նախ եւ առաջ հայ-ազրպէյճանական քաղաքական երկխօսութեան նիւթ մնայ` առանց վերջնագիրներու եւ ուժային բեմագրութիւններու», եզրափակած է Քոսաչեւ:

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Նախքան Պաշտօնը Լքելը Կրնայ Զինուորական Հարուած Հասցնել Իրանին. Իսրայէլ Պաշտպանութեան Ուժերուն Յանձնարարած Է Նախապատրաստուիլ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Կ՛ուզէ Ֆրանսան Հեռացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.