Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Սկիզբէն Կասկածներ Ունէր Իր Խաղաղապահները Շրջան Ուղարկելու Նկատմամբ, Սակայն Այդ Քայլին Դիմեց, Երբ Հայաստանի Համար Ծայրայեղ Ծանր Վիճակ Ստեղծուեցաւ» Կ՛ըսէ Քաւանօ

November 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութիւնը կը բովանդակէ շատ կէտեր, որոնք մշակուած են Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ եւ դուրս կու գան կրակոցի հասարակ դադրեցման սահմաններէն` հիմ դնելով տագնապի լուծման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ տագնապներու լուծման գործով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Քերի Քաւանօ:

«Ասիկա մարդասիրական զինադադար եւ կրակոցի դադրեցում չէ, որուն ուղղութեամբ նախապէս աշխատած էին Լաւրովը եւ Փութինը, Փութինն ու Մաքրոնը, Փոմփէոն, որ այս հարցին շուրջ քննարկումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին:

«Ասիկա աւելի հեռու կ՛երթայ: Ասիկա խաղաղ լուծման հիմնական տարրերով կրակոցի դադրեցման դրութիւն է: Այդ տարրերը իրականութեան մէջ վերջին 20 տարուան մէջ քննարկուած են Մինսքի խմբակին մէջ», նշած է Քաւանօ, որ տարիներ շարունակ ղարաբաղեան տագնապի հարցով Միացեալ Նահանգներու բանակցողի պաշտօնը վարած է:

Քաւանօ այդ տարրերու շարքին նշած է զիջումները, խաղաղապահներու մուտքը շրջան, գաղթականներու վերադարձը, մէկ կողմէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ, միւս կողմէ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային միջանցքներու երաշխիքը:

«Քաղաքական առումով Ռուսիան չէ հեռացած այն դիրքորոշումներէն, որոնց կ՛աջակցէին Մինսքի խմբակի այլ համանախագահ երկիրներ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները: Միակ բանը, որ կը տարբերի այս ամբողջ ընթացքին ռուս խաղաղապահներու տեղակայումն է», նշած է Քաւանօ, սակայն, նաեւ աւելցուցած, որ կը կարծէ, թէ Ռուսիան ի սկզբանէ կասկածներ ունէր իր խաղաղապահները շրջան ուղարկելու հարցին մէջ, սակայն այդ քայլին դիմեց, երբ Հայաստանի համար ծայրայեղ ծանր վիճակ ստեղծուեցաւ:

Նախորդը

Չեխիոյ Զինուորական Հետախուզութիւնը Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Վտանգ Կանխատեսած Է

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Ղարաբաղի Մէջ Յաղթեց, Սակայն Թրքական Նահանգ Դարձաւ» Կ՛ըսէ Միլոնով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.