Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Չի Ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

November 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզ չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«25 նոյեմբերին Ծերակոյտը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը: Քուէարկութեան նախորդած քննարկումներուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութեան կից պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուան յիշեցուցած է այս առնչութեամբ ֆրանսական կառավարութեան դիրքորոշումը: Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ 25 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ ու 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» նախագիծը:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը, հակադարձելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի այդ քայլին, որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ բողոք յայտնեց այդ բանաձեւին վերաբերեալ եւ երկրին կառավարութեան առաջարկեց դիմել ԵԱՀԿ-ին` Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահներու կազմէն հեռացնելու համար:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կայուն լուծման հասնելու ջանքերուն:

«Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համաձայնեցուած լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի հարցը, եւ այդ բանակցութիւններու ելքը կարելի չէ նախապէս եւ միակողմանիօրէն որոշել», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այսօր իր առաջնային խնդիրը պէտք է ըլլայ տագնապին պատճառով տեղահանուած անձերու անվտանգ վերադարձի ապահովումը:

«Ֆրանսան, ինչպէս նախապէս, հաւատարիմ է տագնապի կայուն լուծման հասնելուն` հաշուի առնելով շրջանի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան յարգման պահանջները: Ֆրանսան այսուհետեւ եւս պիտի ընէ կարելին Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման համար», նշած է նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

«Շաբթուան Ընթացքին Ղարաբաղի Մէջ Կացութիւնը Շարունակած Է Կայունանալ, Զինադադարի Դրութեան Խախտումներ Չեն Արձանագրուած» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Փութին Ղարաբաղի Մէջ Տեղակայուած Խաղաղապահներու Նիւթը Քննարկած Է Ռուսիոյ Ապահովութեան Խորհուրդին Հետ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.