Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Նախքան Պաշտօնը Լքելը Կրնայ Զինուորական Հարուած Հասցնել Իրանին. Իսրայէլ Պաշտպանութեան Ուժերուն Յանձնարարած Է Նախապատրաստուիլ

November 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Վերջին շաբաթներուն Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերուն յանձնարարուած է նախապատրաստուիլ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ հաւանական զինուորական հարուածին: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած են իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները:

Կը նշուի, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը երկրի պաշտպանութեան ուժերուն յանձնարարած է նախապատրաստուիլ ո՛չ միայն այն տեղեկութեան պատճառով, որ Թրամփ նախքան պաշտօնը լքելը կրնայ Թեհրանին հարուածելու հրաման տալ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարները մինչեւ 20 յունուար` Պայտընի երդման արարողութիւնը երկարող ժամանակահատուածը «գերզգայուն ժամանակահատուած» կը նկատեն: Անոնք չեն բացառեր, որ «Իրանը կրնայ Իսրայէլի դէմ հաւանական պատասխան գործողութիւններու սկսիլ անմիջականօրէն, կամ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ վստահելի ուժերու միջոցով»:

Անցեալ շաբաթ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թրամփ Ազգային անվտանգութեան խումբի բարձրաստիճան անդամներու հետ հանդիպումի ժամանակ արծարծած է Նաթանզի մէջ իւրանիոմի հարստացման իրանեան գործարանը թիրախաւորելու հաւանականութեան հարցը: «Տը Թայմզ» իր կարգին, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, գրած էր, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ներառեալ` փոխնախագահ Մայք Փենսը եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյն, նախազգուշացուցած են շրջանին մէջ մագլցումի վտանգներու մասին:

«Աքսիոս» օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց վերջին երկու շաբթուան ընթացքին երկու անգամ խօսած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Քրիսթոֆըր Միլլըրի հետ` «քննարկելով Իրանի առնչուած  շարք մը հարցեր»:

Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարները օրաթերթին նաեւ հաղորդած են, որ կ՛ակնկալեն, որ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու որեւէ հարուածէ առաջ Իսրայէլը նախնական ծանուցում պիտի ստանայ: Սակայն անոնք մտահոգ են, որ ատիկա բաւարար պիտի չըլլայ լիարժէք նախապատրաստման համար, ուստի հաւանական նկատելով այդ դիպաշարը, պաշտպանութեան ուժերուն յանձնարարած են նախապատրաստուիլ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Հոսէյն Տեհքան անցեալ շաբաթ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ զինուորական հարուածը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ «լայնածաւալ պատերազմ» հրահրել:

Նախորդը

Լուքաշենքօ Դրական Գնահատած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

Յաջորդը

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին Որդեգրած Բանաձեւը Փարիզ-Անգարա Տարակարծութիւններու Հետեւանք Է Եւ Խորհրդատուութենէն Անդին Պիտի Չանցնի» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.