Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտադիր է գործարկել ծրագիր մը, որուն նպատակը Թուրքիոյ մէջ «ժողովրդավարական արժէքներու» ամրապնդումն է: Համապատասխան փաստաթուղթի բովանդակութեան ծանօթացած է «Ռաշա Թուտէյ»-ը:
Ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի երկրին մէջ խթանել օրէնքի գերակայութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը, ամրապնդել թրքական լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան` մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան կարողութիւնը: Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն օգնել թրքական լրատուամիջոցներուն` «սխալ եւ կեղծ տեղեկատուութեան» յայտնաբերման հարցին մէջ: Յայտնի է, որ նշուած նախաձեռնութեամբ կը զբաղի Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Այդ քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներուն միջեւ անձնական, կրթական եւ գործարար կապերու հաստատման եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարեւորութեան դրական ընկալման», կը նշուի փաստաթուղթի բնագիրին մէջ:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ երկրի տնտեսական բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ: