Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Կ՛ուզէ Ֆրանսան Հեռացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն

November 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի խորհրդարանը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Ֆրանսայի Ծերակոյտին բողոք կը յայտնէ Արցախի վերաբերեալ բանաձեւին նկատմամբ, իսկ երկրին կառավարութեան կ՛առաջարկէ դիմել ԵԱՀԿ-ին` Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահներու կազմէն հեռացնելու համար:

Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի գործող քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները եւ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչելու Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը:

25 նոյեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը` երկրի կառավարութեան կոչ ուղղելով` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, որ գործուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ օտարերկրեայ վարձկաններուն աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերն ու անոնց աջակցող կազմաւորումները անյապաղ հեռացնել 27 սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք գրաւուած տարածքներէն:

Փաստաթուղթը Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը յորդորէ աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի խաղաղ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ նախաձեռնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական յանցագործութիւններու, մասնաւորաբար խաղաղ բնակչութեան դէմ յանցագործութիւններու հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի կազմութեան:

Բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` բոլոր ջանքերը գործադրելու բանակցային հոլովոյթը վերսկսելու, 1994 թուականին գծուած սահմանները ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը ապահովելու համար:

Մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը` Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւը կը գնահատէ իբրեւ սովորական «թուղթի կտոր» եւ շատ ամօթալի քայլ Ֆրանսայի քաղաքականութեան ու խորհրդարանականութեան համար, քայլ մը, որ որդեգրուած է «քաղաքական յաւակնութիւններէ մեկնելով», եւ որ «լուրջ հարցականներ կը յառաջացնէ Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ մտադրութիւններուն առնչութեամբ»:

Հաճիեւ Ֆրանսայի կառավարութեան խորհուրդ տուած է այդպիսի սադրիչ քայլերու անթոյլատրելիութեան մասին պաշտօնական դիրքորոշում արտայայտել եւ բանաձեւը դատապարտող յայտարարութեամբ աջակցութիւն յայտնել Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:

Նախապէս Պաքու յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի պաշտօնական շրջանակներուն վերջին յայտարարութիւնները «միակողմանի էին եւ կանխակալ»:

Նախորդը

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին Որդեգրած Բանաձեւը Փարիզ-Անգարա Տարակարծութիւններու Հետեւանք Է Եւ Խորհրդատուութենէն Անդին Պիտի Չանցնի» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Կրկնեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Ցուցանիշը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.