Միջազգային

Իրանի Խորհրդարանը Որդեգրեց Կառավարութեան`  Իւրանիոմի Հարստացումը 20 Առ Հարիւրէն  Աւելի Դարձնել Պարտաւորեցնող Օրէնք Մը

Իրանի Խորհրդարանը Որդեգրեց Կառավարութեան` Իւրանիոմի Հարստացումը 20 Առ Հարիւրէն Աւելի Դարձնել Պարտաւորեցնող Օրէնք Մը

Իրանի խորհրդարանը որդեգրեց երկրի հիւլէական գործունէութեան աշխուժացման նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս իրանցի օրէնսդիրները որոշած էին քննարկել «Պատժամիջոցներու ջնջման ռազմավարական միջոց» անունով օրինագիծը: Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութենէն ետք, կիրակի օր որոշում տրուած էր արագացնել նախագիծի քննարկումը: Իրանեան լրատու գործակալութեան տուեալներով` նախագիծի ընդհանուր կէտերուն թեր քուէարկած է 251 երեսփոխան: Օրէնքի վաւերացման համար...

«Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Ծրագրուած Է  Ամերիկեան-Իսրայէլեան-Սէուտական  Հանդիպման Ժամանակ»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Ծրագրուած Է Ամերիկեան-Իսրայէլեան-Սէուտական Հանդիպման Ժամանակ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ երկրի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը ահաբեկչական վախկոտ գործողութիւն մըն էր, որ պայմանաւորուած էր վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի շրջանային այցելութեամբ եւ ամերիկեան-իսրայէլեան-սէուտական հանդիպումով: Այս մասին կը գրէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը «Ինսթակրամ»-ի մէջ յայտարարած է. «Ամերիկեան առաւելագոյն ճնշման կողմնակիցները կը ձգտին Թրամփի վարչակազմի...

ՕԹԱՆ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղեց` Օգտագործել  Իր Ազդեցութիւնը Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիի Մէջ  Լարուածութիւնը Մեղմացնելու

«ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Միջոցով Սեւ Ծովու Շրջանին Մէջ Պիտի Աւելցնէ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

  Ի պատասխան Խրիմի մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան ուժեղացման` ՕԹԱՆ սեւծովեան շրջանին մէջ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի միջոցով իր զինուորական ներկայութիւնը պիտի աւելցնէ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընդառաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: «Մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան կը մեծցնէ Խրիմի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը, ուստի...

«Էրտողանի Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութիւնը Նման Է Ստրկատիրական Համակարգով Առաջնորդուող Ցեղի»  Կ՛ըսէ Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Մէկը

«Էրտողանի Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Նման Է Ստրկատիրական Համակարգով Առաջնորդուող Ցեղի» Կ՛ըսէ Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Մէկը

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նման է ստրկատիրական համակարգով առաջնորդուող ցեղի, որուն անդամները կը վախնան իրենց ղեկավարէն եւ կը վարանին իրենց միտքերը ազատ արտայայտելէ: «Ահվալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է կուսակցութեան հիմնադիրներէն Քեմալ Ալպայրաքը: Կուսակցութեան նախկին անդամին համաձայն, երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պետութիւնը եւ դատական համակարգը կ՛օգտագործէ իբրեւ «վրէժխնդրութեան գործիք»: «Այդ...

Յունաստանը, Կիպրոսը, Ֆրանսան, Եգիպտոսն  Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Միջերկրականի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձերու Սկսան

Յունաստանը, Կիպրոսը, Ֆրանսան, Եգիպտոսն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Միջերկրականի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձերու Սկսան

Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովուժերը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրման պայմաններուն մէջ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Ռիփորթըր»-ը: «Մետուզա» անունը ստացած ծովուժի ռազմափորձերը սկսած են նախանցեալ օր եւ պիտի տեւեն մինչեւ 6 դեկտեմբեր: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմափորձերու մեկնարկի լոյսին տակ յայտարարած է, որ «ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ,...

Սթոլթենպերկ Ղարաբաղի Եւ Պիելոռուսիոյ Մէջ  Իրադարձութիւններէն Ետք Ռուսիոյ  Դիրքերուն Ամրապնդման Մասին Կը Նշէ

Սթոլթենպերկ Ղարաբաղի Եւ Պիելոռուսիոյ Մէջ Իրադարձութիւններէն Ետք Ռուսիոյ Դիրքերուն Ամրապնդման Մասին Կը Նշէ

ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարները Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նիստի ընթացքին, որ տեսաժողովի ձեւաչափով տեղի պիտի ունենայ 1-2 դեկտեմբերին, պիտի քննարկեն աշխարհի վրայ Ռուսիոյ զինուորական դիրքերու ամրապնդումը, ընդ որում` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: «Նախարարները պիտի քննարկեն, թէ մենք ի՛նչ կրնանք ընել` ի պատասխան ռուսական...

Մոլտովայի Նորընտիր Նախագահը Մերձտնեսթրէն  Ռուսական Զօրքերու Դուրս Բերման Ի Նպաստ Արտայայտուած Է

Մոլտովայի Նորընտիր Նախագահը Մերձտնեսթրէն Ռուսական Զօրքերու Դուրս Բերման Ի Նպաստ Արտայայտուած Է

Մոլտովայի նորընտիր նախագահ Մայա Սանտու Մերձտնեսթրէն ռուսական ուժերու եւ զինամթերքի դուրսբերման, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ խաղաղապահ գործողութեան վերափոխման ի նպաստ արտայայտուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Մերձտնեսթրի մէջ կայ Ռուսիոյ զօրքերու խումբ մը, որուն վերաբերեալ Մոլտովայի կողմէ երբեւէ համաձայնութիւն չէ եղած: Հետեւաբար, պետութեան դիրքորոշումը այն է, որ այդ զօրքերը պէտք է դուրս բերուին, եւ զէնքերը վերցուին մեր երկրի տարածքէն:...

«Իրան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի  Պատերազմէն Աւերուած Շրջաններու  Վերաշինութեան Մասնակցելու»  Կ՛ըսէ Իրանի Առաջին Փոխնախագահը

«Իրան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմէն Աւերուած Շրջաններու Վերաշինութեան Մասնակցելու» Կ՛ըսէ Իրանի Առաջին Փոխնախագահը

Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրի Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի` պատերազմէն աւերուած շրջաններու վերաշինութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Իրանը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է մասնակցելու պատերազմի պատճառով աւերուած շրջաններու վերաշինութեան` օգտագործելով իր տնտեսական կարելիութիւնները, յատկապէս ուժանիւթի եւ տարանցման ոլորտին մէջ»,...

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Շարունակելու  Իրենց Ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին Մէջ»  Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Շարունակելու Իրենց Ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին Մէջ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազդեցութեան ու զինադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ քննարկում կատարած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերու եւ մարդասիրական օժանդակութեան ցուցաբերման մասնակից հայաստանեան շրջանակներու հետ: Դեսպանատունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Դեսպանը կարեւոր նկատեց մասնակիցներու բաց ու շիտակ գնահատականները իրավիճակին վերաբերեալ եւ ընդգծեց, որ տագնապի տեւական ու...

ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Արտաքին Գործոց  Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Այսօր  Պիտի Քննարկեն Խաղաղապահներու Մասին Փաստաթուղթը

ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Այսօր Պիտի Քննարկեն Խաղաղապահներու Մասին Փաստաթուղթը

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի ընթացքին յայտնած է, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը պիտի քննարկէ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ գործունէութեան մասին համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու արձանագրութեան նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Վաղը ՀԱՊԿ-ի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի քննարկման պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի իրաւական հիմքին վրայ պատրաստուած, ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ...

Այսօր «Մոտերնա» Ընկերութեան`  «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Պատուաստը  Կը Ներկայացուի Վաւերացման

Այսօր «Մոտերնա» Ընկերութեան` «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Պատուաստը Կը Ներկայացուի Վաւերացման

«Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ այսօր դեղերու պատրաստութեան «Մոտերնա» ընկերութիւնը դեղամիջոցներու վաւերացման «Էֆ. Տի. Էյ.» կառոյցին պիտի ներկայացնէ «Քովիտ-19» ժահրին դէմ պայքարի պատուաստին վերաբերեալ դիմում` առ ի վաւերացում:  

Քուշներ Պիտի Այցելէ Սէուտական Արաբիա  Եւ Քաթար` Փորձելով Հաշտեցնել Երկու Երկիրները

Քուշներ Պիտի Այցելէ Սէուտական Արաբիա Եւ Քաթար` Փորձելով Հաշտեցնել Երկու Երկիրները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ փեսայ Ճարետ Քուշներ յառաջիկային պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար` երկու պետութիւնները հաշտեցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը: Ամերիկեան կողմին համոզումով` լուծումը շրջանին պիտի վերադարձնէ կայունութեան զգացումը` դառնալով գործող ամերիկեան վարչակազմի ձեռքբերումներէն մէկը: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգները սերտ կապեր կը պահպանեն թէ՛ Քաթարի, թէ՛ ալ անոր հակառակորդներուն հետ,...

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Արցախի Մէջ  Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Մասին

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Մասին

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն եւ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, միջազգային լրատուամիջոցները կը շարունակեն աշխուժօրէն քննարկել ներկայ լուծումն ու շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը: Ռուսական «Վոյեննոյէ Օպոզրենիյէ» (Ռազմական ակնարկ, «Ա.») կայքը ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշագրաւ նիւթերու անդրադարձները: Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հրապարակած է Ան Սիմընսի եւ Ռաճի Ապուլրահիմի հեղինակութեամբ ծաւալուն յօդուած մը, որուն...

«Իրանեան Ապահովական Մարմինները Տեղեակ Էին  Ֆախրիզատէի Մահափորձի Վայրէն,  Սակայն Հարցը Լուրջի Չառին»  Կ՛ըսէ Շամխանի

«Իրանեան Ապահովական Մարմինները Տեղեակ Էին Ֆախրիզատէի Մահափորձի Վայրէն, Սակայն Հարցը Լուրջի Չառին» Կ՛ըսէ Շամխանի

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտարարեց. «Իրանեան ապահովական մարմինները տեղեակ էին գիտնական Ֆախրիզատէի ահաբեկման վայրին մէջ մահափորձի ենթարկուելու կարելիութենէն, սակայն հարցը լուրջի չառին` անոր ահաբեկման ծրագիրներուն մասին ամբողջ քսան տարի անոնց հասած իրերայաջորդ տեղեկութիւններուն պատճառով»: Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեց, որ իրանցի հիւլէական մարզի գիտնական Մուհսեն Ֆախրիզատէն ահաբեկելու համար օգտագործուած են իսրայէլեան արտադրութեամբ զէնքեր,...

«Իրանի Բանակը Չի Վախնար Որեւէ Թշնամիէ»  Կ՛ըսէ Հաթամի

«Իբրեւ Զինուորական Կ՛ըսեմ` Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Անպատասխան Պիտի Չմնայ» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթամի յայտարարած է, որ հիւլէական բնագէտ, երկրի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Թշնամին լաւ գիտէ, եւ ես` իբրեւ զինուորական, կ՛ըսեմ, որ ոչ մէկ յանցագործութիւն, ոչ մէկ սպանութիւն, իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ որեւէ յիմար արարք առանց պատասխանի պիտի չմնայ», նշած է ան Թեհրանի մէջ սպաննուած գիտնականի...

Ըստ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Լրատու Կայքերու.  Սէուտական Արաբիան Դադրած Է Սուրիոյ  Ժողովրդավարական Ուժերուն Աջակցելէ`  Գոհացնելու Համար Թուրքիան

Ըստ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Լրատու Կայքերու. Սէուտական Արաբիան Դադրած Է Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Աջակցելէ` Գոհացնելու Համար Թուրքիան

Սուրիոյ մէջ քրտական լրատու կայքեր յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիան` Թուրքիոյ մերձենալու սէուտական քայլերու ծիրին մէջ, դադրեցուցած է աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ Քրտական ինքնակառավարման վարչութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Նոյն աղբիւրները կը նշեն. «Սէուտական Արաբիան Ծոցի մէջ (քրտական) ինքնակառավարման վարչութեան ներկայացուցիչ Շաֆան Խապուրիին քանի մը ժամուան պայմանաժամ ճշդած են թագաւորութեան տարածքէն հեռանալու»: Սէուտական Արաբիան...

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Գլխաւոր Մասնագէտին  Սպանութիւնը Սադրանք Է, Սակայն  Իրան Զերծ Պիտի Մնայ Պատերազմէն»  Կ՛ըսէ Փուշքով

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Գլխաւոր Մասնագէտին Սպանութիւնը Սադրանք Է, Սակայն Իրան Զերծ Պիտի Մնայ Պատերազմէն» Կ՛ըսէ Փուշքով

Ակնյայտ է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը սադրանք է, սակայն Իրան զերծ պիտի մնայ պատերազմէն: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է ռուս ծերակուտական Ալեքսէյ Փուշքով: «Թեհրան շահագրգռուած է, որ Միացեալ Նահանգներ վերադառնան Իրանի հիւլէական ծրագիրի մասին համաձայնագիրին: Յստակ է, որ սպանութիւնը նպատակ ունէր սրել լարուածութիւնը եւ տապալել այդ բեմագրութիւնը: Իրան պատերազմի սկսելու առիթ պիտի...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դատապարտէ Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Շրջանային  Լարուածութիւնը Մեծցնող Քայլերէն

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Շրջանային Լարուածութիւնը Մեծցնող Քայլերէն

Թուրքիան դատապարտած է Իրանի մէջ հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնն ու ցաւակցութիւն յայտնած անոր ընտանիքին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Անգարան կոչ կ՛ուղղէ բոլոր կողմերուն զերծ մնալու որեւէ քայլէ, որ կրնայ շրջանային լարուածութեան մագլցումի յանգեցնել` յոյս յայտնելով, որ զինեալ յարձակման մեղաւորները պիտի յայտնաբերուին եւ պատասխանատուութեան պիտի...

Այցելելով Պուքամալ.  «Պիտի Շարունակենք Զօր. Սլէյմանիի Երթը» Կ՛ըսէ Զօր. Քաանի

Իրանցի Զօրավարը Երդուած Է Վրէժ Լուծել Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Գլխաւոր Մասնագէտի Սպանութեան Համար

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Իսմայիլ Քաանի խոստացած է, որ իր ղեկավարած ուժերը պիտի աշխատին այլ «պահակագունդերու» հետ միասնաբար` վրէժ լուծելու իրանցի գիտնական Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան համար: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանցի զօրավարը իր ուղերձին մէջ դատապարտած է «համաշխարհային անտարբերութիւնը, սիոնականութիւնը», ինչպէս նաեւ «ահաբեկչութիւն ստեղծող եւ զարգացնող երկիրները» մեղադրած է «ամերիկեան փամփուշտներով» իրանցի գիտնականը սպաննելու...

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրանի Հիւլէական  Ծրագիրի Գլխաւոր Մասնագէտին  Սպանութեան Առնչութեամբ

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Գլխաւոր Մասնագէտին Սպանութեան Առնչութեամբ

Բրիտանիոյ իշխանութիւնները մտահոգուած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան վերաբերող հաղորդագրութիւններով եւ կը սպասեն տեղի ունեցածին մասին ամբողջական տեղեկատուութեան հրապարակման: Երէկ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ: «Մենք մտահոգուած ենք Իրանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակով, կ՛ակնկալենք լարուածութեան թուլացում: Մենք տակաւին կը սպասենք տեղի ունեցածին մասին ամբողջական տեղեկութիւն ստանալ, սակայն կրնամ ըսել,...

Page 401 of 883 1 … 400 401 402 … 883

Արխիւներ