Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շաբթուան Ընթացքին Ղարաբաղի Մէջ Կացութիւնը Շարունակած Է Կայունանալ, Զինադադարի Դրութեան Խախտումներ Չեն Արձանագրուած» Կ՛ըսէ Զախարովա

November 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ կայունանալ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Շաբթուան ընթացքին Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը շարունակած է կայունանալ, զինադադարի դրութեան խախտումներ, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբին նկատմամբ սադրանքներ չեն արձանագրուած», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով, որ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան գործադրումը կ՛ընթանայ առանց լուրջ միջադէպերու:

Անոր համաձայն, նշուած դրական միտումները ծանրակշիռ ապացոյց են, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հաստատած ուղին ճիշդ էր, ու այս պահուն գործնականին մէջ կը գործադրուի երկու երկիրներուն կողմէ:

Մարիա Զախարովա շեշտած է, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն բարենպաստ պայմաններ ստեղծել գաղթականներու վերադարձին համար, ականազերծում կը կատարեն ու կը փնտռեն անյայտ կորսուածները:

Կ՛աշխատի նաեւ մարդասիրական արձագանգման կեդրոնը: Ատոր աշխատանքին պիտի մասնակցին տասնեակ մը դաշնակցային նախարարութիւններ ու գործակալութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի առնչակից նախարարութիւնները:

«Յոյս ունինք, որ Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող համալիր քայլերը թէ՛ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ շահագրգիռ արտասահմանեան գործընկերներու եւ կառոյցներու հետ, պիտի նպաստեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան», նշած է Զախարովա:

«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ մեր փոխադարձ գործակցութեան, ապա ատիկա կը կատարուի տարբեր ուղղութիւններով: Անոնք թէ՛ քաղաքական-դիւանագիտական յարաբերութիւններ են, թէ՛ հաղորդակցութիւններ մեր զինուորականներուն միջեւ: Ուղղուածութիւնը, անկասկած, կը սահմանեն պետութիւններուն ղեկավարները, որոնք պարբերաբար կը քննարկեն շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը», յայտարարած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Թեհրանի Մօտ Իրանցի Ազդեցիկ Գիտնական Մը Ահաբեկուեցաւ

Յաջորդը

«Ֆրանսան Չի Ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.