Լաթվիա Վեց Ամիսով Պիտի Գլխաւորէ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաթվիան 1 յունուար 2015-էն սկսեալ դարձած է Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահող երկիր: Ռիկայի մէջ այդ կարգավիճակի իրենց առաջնահերթութիւնները կը նկատեն Եւրոպական Միութեան մրցունակութեան բարձրացումը, միասնական եւրոպական շուկայի զարգացումը եւ տեղեկատուական հանրութեան ամրապնդումը: Լաթվիա, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դարձած է 2004-ին, առաջին անգամն է, որ կը գլխաւորէ խորհուրդը` նախագահութիւնը ստանալով Իտալիայէն: Լաթվիոյ պարտականութիւններու կատարման համար պատասխանատու...



