«Թուրքիան Քիեւի Համար Ռազմավարական Գործընկեր Է» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլի Պոտնար թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Ուքրանիոյ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ Խրիմի հարթակը: «Մենք կը համագործակցինք ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի հետ: Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր է մօտ օրէն դաշինքին անդամակցելու տեսանկիւնէն», ըսած է ան: Ըստ Պոտնարի, Թուրքիան Ուքրանիոյ համար ո՛չ միայն լաւ դրացի է, այլ նաեւ` շրջանին մէջ յուսալի եւ կարեւոր...




















