Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի յայտարարած է, որ Արցախի տագնապի լուծման շուրջ շրջանային միացեալ հարթակին մէջ կարելի չէ Ռուսիոյ հետ աշխատիլ: Ան առաջարկած է նոր հարթակ` Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Թիֆլիսի մէջ «Վզգլիատ» օրաթերթի թղթակիցը:
«Ոչ մէկ հարթակ Ռուսիոյ հետ, որ գրաւած է մեր տարածքները», ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ըստ Զալքալիանիի, Վրաստանի համար անընդունելի է Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ առաջարկուող «3+3» հարթակը:
«Մենք կ՛ուզենք ներգրաւուած ըլլալ լուծման հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք կ՛առաջարկենք նոր հարթակ` Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը` միջազգային գործընկերներու մասնակցութեամբ. Թիֆլիսը` իբրեւ երկխօսութեան վայր»:
«Վրաստանը այս շրջանին մէջ Արեւմուտքի միակ եւ ամէնէն վստահելի գործընկերն է», ընդգծած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ան յայտարարած է, որ Վրաստանի ներքաղաքական ճգնաժամը, որ յառաջացած է երկրի խորհրդարանի ընդդիմութեան մեծ մասին պոյքոթին պատճառով, «ջուր կը լեցնէ ռուսական ջաղացքին»:
«Վրաստանի մէջ խոր ճգնաժամը նոյնպէս անընդունելի է, որովհետեւ շրջանին մէջ կան նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւններ, եւ ակնյայտ է ռուսական պատերազմական ներկայութեան աճը», ըսած է վրացական դիւանագիտութեան պետը:
Մարտի սկիզբը յայտնի դարձաւ, որ Վրաստանը Ռուսիոյ պատճառով չ՛ուզեր մասնակցիլ «3+3» շրջանային ձեւաչափին, զոր առաջարկած է Թուրքիան:
Յիշեցնենք, որ պատերազմի օրերուն Վրաստանը ոչ բացայայտ կերպով կ՛աջակցէր Ազրպէյճանին. յայտարարելով զինուորական բեռներու համար իր օդային սահմանը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար փակելու մասին` Վրաստանը, այնուամենայնիւ, կ՛արտօնէր Ազրպէյճանին` տարբեր երկիրներէ, մասնաւորաբար` Թուրքիայէն, սպառազինութիւն տեղափոխել:



