Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Մեկնաբանած Է, Թէ Ինչո՛Ւ Մերժած Է Արցախ Այցելել

Մարտ 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ քննադատութիւններու արշաւ մը սկսած է երկրին մէջ Գերմանիոյ դեսպանին դէմ, որ հրաժարած է մասնակցիլ օտարերկրեայ դիւանագէտներու` Արցախի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջաններ կատարելիք ուղեւորութեան:

Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դեսպան Վոլֆկանկ Մանիկ, մեկնաբանելով իր որոշումը, ըսած է. «Որոշումը, թէ ո՛ւր եւ երբ պիտի ուղեւորուին դեսպանը կամ դեսպանատան աշխատակիցները, կախեալ է բոլոր գործօններուն վերլուծութենէն: Որոշիչ է այն հարցը, թէ արդեօք ատիկա պիտի ուժեղացնէ՞ դեսպանատան առաքելութիւնը, եւ արդեօք ուղեւորութիւնը վտանգ չի՞ ներկայացներ անվտանգութեան եւ առողջութեան համար»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՛ն է ներկայ պահուն Արցախի հիմնախնդիրի հարցին մէջ Գերմանիոյ դիրքորոշումը, դեսպանը ըսած է.«Վերջին ամսուան ընթացքին դաշնակցային կառավարութեան քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանի հարցին մէջ կեդրոնացած եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ տագնապի սրումը դադրեցնելու վրայ»:

«Դաշնակցային կառավարութեան գործունէութեան նպատակը մարտական գործողութիւններուն վերջ տալն է եւ սկսիլ հաշտեցումը ազրպէյճանցիներուն եւ հայերուն միջեւ», աւելցուցած է դիւանագէտը:

Վերջինս նշած է, որ իրենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղեն` վերսկսելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ` տագնապին կայուն լուծման համար:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Աշխուժացնել Ուքրանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները` Երկրին Մէջ Բարեփոխումներ Իրականացնելու Համար» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

«Թուրքիան Քիեւի Համար Ռազմավարական Գործընկեր Է» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?