Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Աշխուժացնել Ուքրանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները` Երկրին Մէջ Բարեփոխումներ Իրականացնելու Համար» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

March 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը մտադիր է աշխուժացնել Ուքրանիոյ հետ յարաբերութիւնները` Քիեւին փտածութեան դէմ պայքարին մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու եւ բարեփոխումներ իրականացնելու համար: Այս մասին նշուած է Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալիվընի եւ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

«Սալիվըն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ եւրատլանտեան ձգտումներուն անսասան աջակցութիւնը: Ան նաեւ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի` մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը վերականգնելու յանձնառութիւնը` ի պաշտպանութիւն նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի` փտածութեան դէմ պայքարի եւ բարեփոխումներու ծրագիրի իրականացման, ինչ որ Ուքրանիոյ ժողովուրդը պիտի ապահովէ արդարադատութեամբ, անվտանգութեամբ եւ բարգաւաճումով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ուքրանական կողմը նախապէս յայտնած էր, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Երմաք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան աւելի աշխուժ դեր խաղալ Տոնպասի կացութեան լուծման մէջ: Քիեւ նաեւ Ուաշինկթընին շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուող օգնութեան համար, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ զինուորական ոլորտը: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ կողմերը կրնան աւելի սերտ համագործակցիլ ապատեղեկատուութեան հակազդելու հարցին մէջ:

Սալիվըն հաւաստած է, որ Միացեալ Նահանգներ Քիեւին պիտի աջակցին, անոր քաղաքական ու տնտեսական նպատակներուն, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ոլորտի նպատակներուն հասնելու հարցին մէջ:

 

Նախորդը

«Փութին Միացեալ Նահանգներուն Պիտի Չարտօնէ Ռուսիոյ Հետ Ուժի Դիրքէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Մեկնաբանած Է, Թէ Ինչո՛Ւ Մերժած Է Արցախ Այցելել

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.