Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցաւալի Է, Որ Հայաստանի Կառավարութիւնը Կ՛աջակցի Տուգանքներուն, Որոնք Պիտի Սահմանափակեն Խօսքի Ազատութիւնը Եւ Սպառնալիքի Տակ Դնեն Լրատուամիջոցներու Ելեւմտական Կենսունակութիւնը» Կ՛ըսէ «Ֆրիտըմ Հաուզ»

March 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովել երկրին մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ խօսքի ազատութիւնը:

Այս մասին կը նշուի «Ֆրիտըմ Հաուզ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ` 24 մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի որդեգրման առնչութեամբ:

«Ցաւալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛աջակցի տուգանքներուն, որոնք պիտի սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը եւ սպառնալիքի տակ պիտի դնեն երկրին մէջ լրատուամիջոցներու ելեւմտական կենսունակութիւնը: Քաղաքացիական հասարակութիւնը արդարացիօրէն քննադատած է օրէնքը եւ նշած, որ զայն կարելի է չարաշահել` չափազանց մեծ տուգանքներ գանձելով եւ անկախ լրատուամիջոցներու նկատմամբ քաղաքական ճնշում գործադրելով քաղաքական գործիչներն ու այլ ազդեցիկ հասարակական գործիչները քննադատելու համար: Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորենք լրջօրէն հաշուի առնել քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու մտահոգութիւնները եւ ջնջել օրէնքը», շեշտած է կազմակերպութեան` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ծրագիրներու տնօրէն Մարք Պեհրենտթ:

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ օրէնքը որդեգրուած է առանց հաշուի առնելու կարծիքները արդարադատութեան նախարարութեան կամ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու կազմակերպութիւններու, որոնք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են ատոր վերաբերեալ: Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` խնդրելով չստորագրել օրէնքը եւ զայն վերատեսութեան համար ուղարկել Սահմանադրական դատարան:

«Ֆրիտըմ Հաուզ» կը յիշեցնէ, որ Հայաստանը 2010 թուականին Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներուն ուղղուած դիմումէն ետք ապաքրէականացուցած էր զրպարտութիւնն ու վիրաւորանքը: Ըստ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան, նոր փոփոխութիւնները կը հակասեն մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի 10-րդ յօդուածով երաշխաւորուած խօսքի ազատութեան եւ նոյն ուխտի 8-րդ մասով երաշխաւորուած անձնական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունքի պահանջին:

Բացի ատկէ, անիկա կը հակասէ 2011 թուականին որդեգրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի թիւ 997 որոշումին, որով կոչ կ՛ուղղուի հաշուի առնելու լրատուամիջոցներու ելեւմտական վիճակը զրպարտութեան եւ վիրաւորանքի գործերով տուգանքներ սահմանելու ընթացքին:

Նախորդը

Ակնարկ. «Շտկումներ» Հակառակ Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Կոչ Ուղղելով Գրաւելու Ամբողջ Արցախը` «Եթէ Ղարաբաղը Ազատագրած Ենք, Ապա Ո՞վ Ռուսերէնը Պետական Լեզու Դարձուցած Է» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Ընդդիմութեան Ղեկավարը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.