Միջազգային

Աքար Անդրադարձած Է Պայտընին Ուղղուած` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչին

Աքար Անդրադարձած Է Պայտընին Ուղղուած` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երկրի խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է վերջերս ամերիկացի քանի մը տասնեակ ծերակուտականներու կողմէ երկրի նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ կոչին: Աքար նշած է, որ ամէն տարի 24 ապրիլին, նմանատիպ օրակարգ յառաջ կու գայ: Թուրք նախարարը իր խօսքին մէջ շարունակած է կրկնել թրքական քարոզչութեան կեղծ թեզերը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Մասնաւորաբար...

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի  Վերաբերեալ Եռակողմ Միացեալ Յայտարարութեան  Գործադրման Համար»

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Միացեալ Յայտարարութեան Գործադրման Համար»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ ապահովելու Արցախի վերաբերեալ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան գործադրումը: Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին յայտարարած է երկրի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 7-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին, որ երէկ տեղի ունեցած է Անգարայի մէջ:

Պրիւքսելի Մէջ.  ՕԹԱՆ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Կայացած Է  Պլինքըն-Չաւուշօղլու Առաջին Հանդիպումը

Պրիւքսելի Մէջ. ՕԹԱՆ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Կայացած Է Պլինքըն-Չաւուշօղլու Առաջին Հանդիպումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմի փոփոխութենէն ետք ասիկա երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերուն միջեւ առաջին հանդիպումն էր: Պլինքըն-Չաւուշօղլու հանդիպումը տեղի ունեցած է ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Չաւուշօղլու եւ Պլինքըն 15 փետրուարին ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին...

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են  Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ»  Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

Թրքական սպառազինութիւն տեղափոխուած է Հայաստանի հետ սահմանին մօտ` ռազմափորձեր կատարելու նպատակով: «Սփութնիք Արմենիա» կը գրէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ» ալիքը: Ալիքը հրապարակած է քանի մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւին հրասայլեր, հրետանիներ եւ զրահապատ մեքենաներ: Կը նշուի, որ ռազմափորձերուն մասնակցող զրահապատ մեքենաները նախապէս օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ: Հրապարակման հեղինակները, յղում կատարելով վերլուծաբաններուն, կը նշեն,...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Խորհրդարանի Պաշտօնատարները Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիուրանտ, Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ եւ Ազրպէյճանի հարցով հիմնական զեկուցող Ժելիանա Զովքօ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու հայ գերիները: «Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու նկատմամբ դաժան եւ բռնի վերաբերմունքի առնչուած բազմաթիւ մեղադրանքներու առնչութեամբ, որոնք փաստուած են մասնաւորաբար «Մարդկային...

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի  Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր բրիտանացի, ֆրանսացի եւ գերմանացի պաշտօնակիցները քննարկած են Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները: Նախարարները արծարծած են Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն եկող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրանի, Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ տիրող կացութիւնները: Նախարարները ՕԹԱՆ-ի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը խորացնելու նկատմամբ իրենց «հաստատ կառչածութիւնը»...

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւնները  Զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու,  Եւրոպական Միութեան Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ`  Մեկնելով Սեփական Շահերէն»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւնները Զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ` Մեկնելով Սեփական Շահերէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան պիտի շարունակէ յարաբերութիւնները զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ արաբական երկիրներուն հետ` մեկնելով սեփական շահերէն եւ այդ յարաբերութիւններէն ունեցած ակնկալիքներէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին: «Թուրքիան պիտի շարունակէ յարաբերութիւնները կառուցել այլ երկիրներու հետ` Ռուսիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական...

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ  Պիտի Կատարուին. Չաւուշօղլու Փոխնախագահ,  Իսկ Քալըն` Արտաքին Գործոց Նախարար

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարուին. Չաւուշօղլու Փոխնախագահ, Իսկ Քալըն` Արտաքին Գործոց Նախարար

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շուտով փոփոխութիւններ պիտի կատարէ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ: Այս մասին ըսած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Մահիր Ունալ: «Նախագահը պիտի փոխէ իր խումբը», ըսած է ան «Էն.Թի.Վի. Հապեր»-ին` պատասխանելով Էրտողանի նախարարաց խորհուրդին մէջ կատարելիք հաւանական փոփոխութիւններուն մասին հարցումին: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ Էրտողանի խորհրդական եւ ամէնէն մտերիմ գործիչ Իպրահիմ...

«Թուրքիան Մտադիր Է Ազդել Ֆրանսայի  Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Վրայ»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Թուրքիան Մտադիր Է Ազդել Ֆրանսայի Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Ֆրանս 5» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի փորձէ ազդել երկրին մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը: «Սպառնալիքները քողարկուած չեն, ուստի ես կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է շատ թափանցիկ ըլլանք», ըսած է Մաքրոն: Մաքրոն չէ բացատրած, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կրնայ փորձել ընտրութիւններուն...

Իրան Պատրաստ Է Վերադառնալու Քարիւղի  Համաշխարհային Շուկայ

Իրան Պատրաստ Է Վերադառնալու Քարիւղի Համաշխարհային Շուկայ

Իրանի ազգային «Սաութ Օյլ» քարիւղի ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ահմետ Մոհամետի յայտնած է, որ Իրան պատրաստ է վերադառնալու քարիւղի համաշխարհային շուկայ` հաշուի առնելով ընկերութեան մէջ քարիւղի արտադրութեան ծաւալներու աճը: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոհամետիի համաձայն, իր ղեկավարած ընկերութիւնը 30 առ հարիւրով մեծցուցած է քարիւղի արտադրութեան ծաւալները` իրանեան օրացոյցով նախորդ տարուան առաջին կիսուն, որ կը սկսի 21 մարտ 2020-էն:...

Սէուտական Ընկերութիւնները Կը Մասնակցին  Թրքական Անօդաչու  Թռչող Սարքերու Արտադրութեան

Սէուտական Ընկերութիւնները Կը Մասնակցին Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արտադրութեան

Սէուտական Արաբիոյ «Ինթրա Տիֆենս Թեքնոլոճիզ» եւ «Ատվանստ Էլեքթրոնիքս» ընկերութիւնները կը մասնակցին թրքական «Պուրաք Պեքտիլ» անօդաչու թռչող սարքի միացեալ արտադրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալնիուզ» կայքը: Թրքական ընկերութիւնը պիտի մատակարարէ էական եւ կարեւոր բաղադրիչները, իսկ սէուտական ընկերութիւնները պիտի տրամադրեն ելեկտրոնային մասերը: Միացեալ արտադրութեան ծիրին մէջ պիտի արտադրուին 40 անօդաչու թռչող սարքեր` 2021-էն 2025 թուականներուն ընթացքին:

«Ռուսիան Եւրոպական Միութեան Հետ  Յարաբերութիւններ  Չունի, Պրիւքսելը Զանոնք Ոչնչացուցած Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններ Չունի, Պրիւքսելը Զանոնք Ոչնչացուցած Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մոսկուան Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններ չունի, Պրիւքսելը զանոնք ոչնչացուցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` իր չին պաշտօնակից Վան Իի հետ բանակցութիւններէն ետք: «Եթէ Եւրոպան այդ յարաբերութիւնները խզած է` պարզապէս քանդելով բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք ստեղծուած են տարիներ շարունակ, եւ իբրեւ գործընկերներ մնացած են առանձին եւրոպական երկիրներ, որոնք կ՛ուզեն իրենց...

Իտլիպի Մէջ Տիրող Կացութեան Պատճառով.  Անգարա Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչած Է  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Իտլիպի Մէջ Տիրող Կացութեան Պատճառով. Անգարա Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երխովը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները: Թրքական լրատուամիջոցներուն տուեալներով` թուրք պաշտօնատարները արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ալեքսէյ Երխովին ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնը Իտլիպի մէջ անվտանգութեան խնդիրին առնչութեամբ, որ յառաջացած է շրջանին մէջ յաճախակի դարձած յարձակումներուն պատճառով: Նշուած է, որ յարձակումները տեղի կ՛ունենան...

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Կը Զօրակցինք Յարձակումի Վերջ Տալուն Եւ Եմէնի Մէջ Զինադադարի Վրայ Հիմնուած Որեւէ Խաղաղութեան Ծրագիրի» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Այսօր վեց տարիներ անցած են Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր գլխաւորած դաշինքին շարունակուող ներխուժումէն, եւ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին շրջափակումն ու զինուորական յարձակումը թիրախ դարձուցին Եմէնի մէջ 24 միլիոն մարդ, եւ օրական տասնեակներ կը մահանան ռմբակոծման կամ սովի, հիւանդութեան, դեղորայքի պակասի եւ բժշկական կեդրոններու մէջ վառելանիւթի պակասին պատճառով»: «Այս բոլորէն յոռեգոյնը այն է, որ...

Յունաստանի Վարչապետն Ու Ֆրանսայի Նախագահը  Քննարկած Են Թուրքիոյ Վերաբերող Հարցեր

Յունաստանի Վարչապետն Ու Ֆրանսայի Նախագահը Քննարկած Են Թուրքիոյ Վերաբերող Հարցեր

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ներկայ իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը: 25 եւ 26 մարտին տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի թուրք-եւրոպական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի զեկուցումը,...

«Իսրայէլեան «Մեթէօր Էյրոսփէյս»  Եւ Ազրպէյճանական «Սի. Էս. Պի. Սի.» Ընկերութիւնները  Պաշտպանական Լուծումներու Դաշինք Կը Կազմեն»  Կը Գրէ «Իսրայէլ Տիֆենս»-ը

«Իսրայէլեան «Մեթէօր Էյրոսփէյս» Եւ Ազրպէյճանական «Սի. Էս. Պի. Սի.» Ընկերութիւնները Պաշտպանական Լուծումներու Դաշինք Կը Կազմեն» Կը Գրէ «Իսրայէլ Տիֆենս»-ը

Իսրայէլեան պաշտպանական «Մեթէօր Էրոսփէյս» ընկերութիւնը մարտի սկիզբը յայտնած էր, որ կը համագործակցի Ազրպէյճանի «Քասփիըն Շիփ Պիլտինք Քամփընի» ընկերութեան հետ, որպէսզի միասնաբար առաջարկէ զարգացած պաշտպանական լուծումներ` Ազրպէյճանի ազգային կարիքները բաւարարելու համար: Այս մասին կը գրէ «Իսրայէլ Տիֆենս» օրաթերթը: Այս համագործակցութիւնը իրականացնելու համար Ազրպէյճանի մէջ հիմնադրուած է «Քասփիըն Մեթէօր» նոր ընկերութիւնը: Ընկերութենէն կը յայտնեն, որ «Մեթէօր Էրոսփէյս»-ը մշակած է պաշտպանական համակարգերու լայն...

Ուաշինկթըն Արաբական Ծովուն Եւ Օմանի  Ծոցին Մէջ Ռազմափորձերու Սկիզբը Յայտարարեց

Ուաշինկթըն Արաբական Ծովուն Եւ Օմանի Ծոցին Մէջ Ռազմափորձերու Սկիզբը Յայտարարեց

Ամերիկեան ծովուժը Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Ճափոնի կողքին Արաբական ծովու շրջանին եւ Օմանի ծոցին մէջ ռազմափորձերու սկիզբը յայտարարեց: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին ֆրանսական «Շարլ տը Կոլ» օդանաւակիրը, ամերիկեան մարտանաւեր, պելճիքական յածանաւ մը, ճափոնական խորտընկէց մը եւ չորս երկիրներէն պատերազմական օդանաւեր: Ուաշինկթըն անցեալ շաբաթ Յունաստանի հետ Միջերկրական ծովուն մէջ ռազմափորձ կատարած էր: Յունաստանի բանակի սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ այդ ռազմափորձերը Միջերկրական ծովուն մէջ...

Սէուտական Արաբիա Եմէնի Պատերազմին  Վերջ Տալու Խաղաղութեան Նոր  Նախաձեռնութիւն Կը Ներկայացնէ

Սէուտական Արաբիա Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալու Խաղաղութեան Նոր Նախաձեռնութիւն Կը Ներկայացնէ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «Եմէնի պատերազմին վերջ տալու խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւն մը կ՛առաջարկէ»: «Սէուտական նախաձեռնութիւնը կը ներառէ Եմէնի բոլոր կողմերուն միջեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ զինադադար», ըսաւ պըն Ֆարհան: «Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը պիտի մեղմացնէ Հտէյտայի նաւահանգիստի շրջափակումը, եւ նաւահանգիստէն եկամուտները պիտի պահուին Կեդրոնական դրամատան միացեալ հաշիւի մը մէջ», աւելցուց ան` նշելով....

«Իրան Չ՛ընդունիր Ահաբեկիչներու Ոճով Մարդոց Գլխատումը» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրան Երկխօսութեան Կոչ Ուղղած Է Սէուտական Արաբիոյ

Իրան երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ Սէուտական Արաբիոյ, հակառակ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վերջերս հրապարակած հակաիրանեան յայտարարութիւններուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: «Սէուտական Արաբիան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին անունով հակաիրանեան յայտարարութիւններ հրապարակած է: Սակայն Իրանը Քաթարի իշխանի ուղերձէն ետք, որ Թեհրանին յղուած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարին...

ՕԹԱՆ Կը Փորձէ Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Ռատարներէն «Անհետացած»  Ռուսական Սուզանաւ Մը Գտնել

ՕԹԱՆ Կը Փորձէ Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Ռատարներէն «Անհետացած» Ռուսական Սուզանաւ Մը Գտնել

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանի լրագրող Նիր Տվորի յայտնեց, թէ ՕԹԱՆ-ի լրտեսական օդանաւեր եւ նաւեր մէկ շաբաթէ ի վեր կը փորձեն գտնել ռուսական սուզանաւ մը, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռատարներէն «անհետացած» է: «Երկար ատենէ ի վեր այսպիսի շատ մեծ ջանք չէր տեսնուած ճշդելու համար ծովային մէկ միջոցի գտնուած վայրը», «Թուիթըր»-ի վրայ իր գրառման մէջ աւելցուց ան: «Ռուսերը շրջանին մէջ սուզանաւեր...

Page 365 of 883 1 … 364 365 366 … 883

Արխիւներ