Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններով: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Անոր հարցազրոյցը հրապարակուած է Սպիտակ տան պաշտօնական կայքին վրայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերի «Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուող գործընկերութեան», Պայտըն չէ պահած իր մտահոգութիւնը:
«Տարիներ շարունակ այդ առնչութեամբ մտահոգուած եմ», խոստովանած է ան:
Յիշեցնենք, որ Իրան եւ Չինաստան օրեր առաջ 25 տարուան ժամկէտով «Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան» համաձայնագիր ստորագրեցին:
Համաձայնագիրը Թեհրանի մէջ ստորագրուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի միջեւ: Համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութիւն:



