Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն, Մերքել, Ճոնսըն Եւ Այլ Համաշխարհային Ղեկավարներ Կոչ Կ՛Ուղղեն` Միջազգային Համաճարակային Համաձայնագիր Կնքելու

March 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն միացած է աշխարհի աւելի քան քսան ղեկավարներու կոչին` ստեղծելու նոր համաշխարհային կարգաւորում, որպէսզի աշխարհին օգնեն պատրաստուելու ապագայ համաճարակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Համաշխարհային ղեկավարները, որոնց շարքին` Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը,  միացեալ նամակին մէջ կ՛ըսեն, որ «Քորոնա» ժահրը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն մարտահրաւէրն է:

Անոնք կ՛ըսեն, որ առողջապահութեան ոլորտին մէջ յաւելեալ մէկ համաճարակը կամ ճգնաժամը «ոչ թէ «եթէ»-ի, այլ «երբ»-ի հարց է, եւ համաճարակը ցոյց տուած է, որ «ոչ ոք ապահով է, այնքան ատեն որ ապահով չեն բոլորը»:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի եւ սպանական «Էլ Փայիսի» նման օրաթերթերուն մէջ ղեկավարները կը պնդեն, որ միջսահմանային համագործակցութեան զարգացման համար անհրաժեշտ է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ձեռք բերուած համաձայնագիրին պէս համաձայնագիր մը:

Ստորագրողները, որոնց շարքին` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար, տոքթ. Թետրոս Ատանոմ Կեպրէյեսուս, կ՛ըսեն. «Այն ժամանակ,  երկու աւերիչ համաշխարհային պատերազմներէ ետք, քաղաքական ղեկավարները միաւորուած էին բազմակողմանի համակարգը ստեղծելու համար»:

«Նպատակները պարզ էին. միաւորել երկիրները, ցրել մեկուսացման ու ազգայնականութեան գայթակղութիւնները եւ լուծել մարտահրաւէրները, եւ ասոնց կարելի էր հասնիլ միայն համերաշխութեան եւ համագործակցութեան ոգիով, մասնաւորաբար` խաղաղութեան, բարեկեցութեան, առողջութեան եւ անվտանգութեան ոգիով»:

Ղեկավարները կ՛ըսեն, որ նոյն ոգիով երկիրները այժմ պէտք է «աւելի լաւ պատրաստ ըլլան համաճարակներու կանխատեսման, կանխարգիլման, յայտնաբերման, գնահատման, եւ արձագանգել անոնց արդիւնաւէտօրէն` խիստ համակարգուած ձեւով»:

Անոնք կ՛ըսեն, որ նոր համաձայնագիրը պիտի օգնէ աւելի լաւ համակարգեր ստեղծել` մարդոց կարողական համաճարակներու մասին ահազանգելու համար, միեւնոյն ժամանակ բարելաւելով պատուաստանիւթերու եւ անձնական պաշտպանական սարքաւորումներու բաշխումը եւ տուեալներու փոխանակումը:

«Պիտի ըլլան այլ համաճարակներ եւ առողջապահական այլ մեծ ճգնաժամեր: Ոչ մէկ պետական կամ բազմակողմանի գործակցութիւն կրնայ մինակը լուծել այդ սպառնալիքը: Հարցը ոչ թէ «եթէ»-ն է, այլ «երբ»-ը:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը կտրուկ եւ ցաւոտ կերպով կը յիշեցնէր այն մասին, որ ոչ ոք ապահով է, քանի դեռ բոլորը ապահով չեն»: Նամակին մէջ կ՛աւելցուի. «Այն ժամանակ, երբ «Քորոնա»-ն օգտագործած է մեր տկար կողմերը եւ տարակարծութիւնները, մենք պէտք է օգտագործենք այս կարելիութիւնը եւ միաւորուինք իբրեւ համաշխարհային համայնք` խաղաղ համագործակցութեան համար, որ դուրս է այս ճգնաժամի ծիրէն»:

 

Նախորդը

Մահազդ

Յաջորդը

«Փութին Միացեալ Նահանգներուն Պիտի Չարտօնէ Ռուսիոյ Հետ Ուժի Դիրքէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.