Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Արտօնած Են Պոլսոյ Ջրանցքի Կառուցումը

Մարտ 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Պոլսոյ ջրանցքի շինարարութեան ծրագիրին, որ պիտի գործէ Պոսֆորին զուգահեռ` միացնելով Սեւ եւ Մարմարա ծովերը:

Նախարար Մուրաթ Քուրումի համաձայն, նախարարութիւնը որոշում տուած է բոլոր հարցերն ու առարկութիւնները քննելէ ետք:

Պոլսոյ ջրանցքը իշխանութեան եւ ընդդիմութեան դիմակայութեան առանցքային նիւթերէն է: Յատկապէս Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, որ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ է, կտրուկ կերպով դէմ է այս նախագիծի գործադրութեան` պնդելով, որ ատիկա աւելի շատ պիտի վնասէ քաղաքին, քան օգուտ պիտի տայ:

Երկրաբանները կ՛ահազանգեն, որ արհեստականօրէն ստեղծուած ջրանցքը մեծ երկրաբանական վտանգ պիտի ստեղծէ առանց այդ ալ երկրաշարժի գօտիի մէջ գտնուող բազմամիլիոննոց բնակչութեան տէր Պոլսոյ համար:

Թրքական իշխանութիւնները կը կարծեն, որ ջրանցքը լրացուցիչ եկամուտ պիտի բերէ երկրի գանձապետարան: Ակնկալուող եկամուտը տարեկան 6 միլիառ տոլար է:

Այս հարցին մէջ կայ նաեւ քաղաքական բաղադրիչ: Յոռետեսները կը կարծեն, որ կապի ուղիի յառաջացման հետ միատեղ կրնան յառաջանալ նոր պայմաններ, որոնց համաձայն, թրքական կողմը կրնայ առաջարկել վերատեսութեան ենթարկել Մոնթրոյի ուխտը:

Յիշեցնենք, որ Մոնթրոյի ուխտով կը սահմանուին սեւծովեան պետութիւններու, Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ Պոսֆորի նեղուցը օգտագործելու կանոնները:

Նախորդը

«Տարիներ Շարունակ Մտահոգուած Եմ Չինաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Գործընկերային Յարաբերութիւններով» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Սուեզի Ջրանցքին Մէջ Խցանուած Բեռնանաւը Մասամբ Դուրս Բերուած Է Ծանծաղուտէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Անօգուտ Հանդիպում Ունենալ Չեմ Ուզեր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Անօգուտ Հանդիպում Ունենալ Չեմ Ուզեր»

Հոկտեմբեր 23, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?