Եգիպտոսի Սուհաժ նահանգի Թահթա կեդրոնին մէջ երկու ճամբորդատար գնացքներու բախումին պատճառով արձանագրուեցաւ 32 զոհ եւ 66 վիրաւոր: Արկածին պատճառով երեք վակոններ դուրս եկան գիծէն:
Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը հրամայեց դէպքին շուրջ շտապ հետաքննութիւն կատարել: Ըստ Եգիպտոսի գնացքներու մարմինին, անծանօթներ բանեցուցած են արտակարգ կացութեանց վերապահուած արգելակները, այդ պատճառով ալ առաջին գնացքին ետեւէն եկող երկրորդ գնացքը անոր բախած է:


