«Հայաստան արդէն սկսած է փոխհատուցել Ազրպէյճանին հասցուած վնասը, բաւական է դիտել եռակողմ յայտարարութիւնը», ըստ ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքին, յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի իրաւական քաղաքականութեան եւ պետականաշինութեան յանձնախումբի, դատական եւ իրաւական խորհուրդի անդամ Նիզամի Սաֆարով` «Պատերազմի յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ» նիւթով կլոր սեղանի ընթացքին:
Անոր համաձայն, Հայաստանը արդէն կը կատարէ վնասի փոխհատուցման մասին համաձայնագիրի առաջին մասը եւ իր զօրքերը դուրս բերած է «իրենց (Ազրպէյճանի) երկրի տարածքէն»:
Սաֆարով նշած է, որ պէտք է հաշուի առնել նաեւ Ազրպէյճանի մշակութային հարստութեան պատճառուած վնասը: «Ազրպէյճանի տարածքէն հանուած մշակութային արժէքները նոյնպէս պէտք է մեզի վերադարձուին: Թէ՛ ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ն, թէ՛ ՄԱԿ¬ը, թէ՛ արեւմտեան առանձին երկիրներ պէտք է մասնակցին այս գործին: Մշակութային ժառանգութեան հասցուած վնասը պէտք է փոխհատուցուի: Նման յանցագործութիւններ կատարողները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Դժբախտաբար, այս ոլորտին մէջ եւս մենք կը տեսնենք երկակի չափանիշներ», նշած է ան:
Երեսփոխանը նաեւ շեշտած է, որ Հայաստանը կը խախտէ այն ուխտերուն պայմաններն ու պահանջները, որոնց կողմ է, հետեւաբար` անպատասխանատու է միջազգային իրաւունքին նկատմամբ: