Պաքուի Ափշերոն շրջանին մէջ` մէկ յարկանի շէնքի մը մէջ, ուր գաղթականներ կ՛ապրէին, հրդեհ ծագած է: Այրուածքներ ստացած են երկու մարդիկ:
Ասիկա 2021 թուականի ընթացքին երրորդ դէպքն է, ուր գաղթականներու բնակավայրեր կ՛այրին:
«Տարօրինակ պատահականութեամբ» Ազրպէյճանի մէջ վերջին շրջանին կ՛այրին հիմնականին մէջ գաղթականներու բնակարանները: Ազրպէյճանցիները, անշուշտ չեն ուզեր տեղափոխուիլ Արցախ: Երկրին իշխանութիւնը բնակիչները առանց տանիքի ձգելով` կը փորձէ զանոնք հարկադրաբար բնակեցնել Արցախի մէջ: