Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուեզի Ջրանցքին Մէջ Խցանուած Բեռնանաւը Մասամբ Դուրս Բերուած Է Ծանծաղուտէն

March 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փրկարար ծառայութիւնները խցանուածութենէն դուրս բերած են «Էվըր Կրին» բեռնանաւը: «Պլումպըրկ», յղում կատարելով ծովային փոխադրութեամբ զբաղող «Ինչքէյփ Շիփինկ» ընկերութեան, հսկայական բեռնանաւը կարելի եղած է մասնակիօրէն դուրս բերել ծանծաղուտէն:

Կը նշուի, որ յառաջիկայ 24 ժամը վճռորոշ պիտի ըլլայ ջրանցքի մէջ նաւարկութեան վերականգնումին համար: Ներկայ պահուն աշխատանքը կը շարունակուի քարշանաւերով, որպէսզի մասնագէտները կարենան կարգաւորել նաւու նաւարկման ուղղութիւնը:

«Այժմ քարշանաւերը կը փորձեն ուղղել նաւու ուղղութիւնը, ատիկա լաւ նորութիւն է: Մենք տակաւին չենք աւարտած, սակայն անիկա տեղէն շարժած է», ըսած է ջրանցքի վարչակազմի ղեկավար Ուսամա Ռապիան:

Յիշեցնենք, որ կիրակի օր Եգիպտոսի նախագահը յանձնարարած էր բեռնաթափել նաւը: 400 մեթր երկարութեան «Էվըր Կրին» նաւը, որ կը պատկանի ճափոնական «Շոհէի Քիսեն» ընկերութեան եւ կը նաւարկէ Փանամայի դրօշին տակ, երեքշաբթի օր ուժեղ քամիի եւ աւազամրրիկի պատճառով փոխած է նաւարկման ուղղութիւնն ու յառաջամասով բախած հակառակ ափին` արգելափակելով Սուեզի ջրանցքի միակողմանի գօտին: Քարշանաւերու օգնութեամբ զայն դուրս բերելու փորձերը անյաջող մնացած էին: Օգտագործուած է յատուկ մեքենայ մը, որուն օգնութեամբ նաւու յառաջամասին տակէն դուրս բերուած է աւելի քան 17 հազար թոն աւազ:

Նշենք, որ Փենթակոնէն պաշտօնատարներ «Տը Հիլ» օրաթերթին յայտնած են. «Սուեզի ջրանցքին մէջ նաւարկումի դադրեցումը կրնայ ազդել ամերիկեան մարտանաւերու շարժումներուն վրայ»:

«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ջրանցքին մէջ ծառայութիւններ մատուցող «Լեթ էյճնսիզ» ընկերութիւնը յայտնած է, թէ նաւը կարելի եղած է տեղաշարժել լիալուսնի պատճառով յառաջացած մակընթացութեան շնորհիւ:

Նշենք, որ նաւարկութեան խաթարման պատճառով համաշխարհային տնտեսութիւնը օրական 9 միլիառ տոլար վնաս կը կրէր: 367 նաւեր, ներառեալ քարիւղատարներ, բանտարկուած մնացած են ջրանցքին մէջ:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ճաթթահ Սիսի աւելի ուշ յայտնեց. «եգիպտացիներու ձեռքերով իրավիճակը վերադարձած էր բնականոն հունին, եւ ամբողջ աշխարհի վրայ մարդիկ կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց ապրանքները կը տեղափոխուին այս նաւարակման զարկերակով»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Արտօնած Են Պոլսոյ Ջրանցքի Կառուցումը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Դարձեալ Գաղթականներու Կացարան Այրած Է. Ալիեւ Հող Կը Նախապատրաստէ Զանոնք Արցախ Տեղափոխելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.