Միջազգային

Ամերիկեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Սուրիա-Իրաք Սահմանին Վրայ Գտնուող Քարիւղի Պահեստանոցներուն Վրայ

Ամերիկեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Սուրիա-Իրաք Սահմանին Վրայ Գտնուող Քարիւղի Պահեստանոցներուն Վրայ

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ օդային յարձակում մը կատարուած է Սուրիա-Իրաք սահմանին վրայ Տէր Զօր նահանգի արեւելեան գիւղական շրջանի Պուքամալ շրջանին մէջ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը,  յայտնելով. «Ամերիկեան բանակը օդային յարձակումներ գործեց Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային շրջանին մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու կողմէ օգտագործուող կառոյցներու վրայ»: Փենթակոն նշեց, որ յարձակումը հակադարձութիւն էր Իրաքի մէջ...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները «Խաղաղութիւն Պիտի Բերեն»

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները «Խաղաղութիւն Պիտի Բերեն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ան մաղթած է, որ ընտրութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերեն: «Մինչեւ օրս Հայաստան ամէնէն շատ տուժած է շրջանային մեքանիզմներէն դուրս մնալէն: Այս ծիրին մէջ` յոյսով ենք,...

Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Զինուորական Դիրքեր Հարուածեցին

Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Զինուորական Դիրքեր Հարուածեցին

Եմէնի զինեալ ուժերը յայտարարեցին, որ Նաժրանի, Ապհայի եւ Խամիս Մաշիթ շրջաններուն մէջ զինուորական կարեւոր դիրքերու վրայ յարձակումներ գործած են: Եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր զօր.  Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ գործողութիւնը թիրախ դարձուցած է Նաժրանի մէջ սէուտական ազգային պահակագունդի ճամբարը, ինչպէս նաեւ Ապհայի օդակայանին ու «Մալեք Խալետ» ռազմակայանին մէջ գտնուող դիրքեր: «Այս գործողութիւնը մեր երկրին վրայ յարձակումին ու շրջափակման շարունակման հակադարձելու մեր...

Ռուսական Նաւերը Եւ Օդուժը Միջերկրականի Մէջ Ռազմափորձ Կատարած Են

Ռուսական Նաւերը Եւ Օդուժը Միջերկրականի Մէջ Ռազմափորձ Կատարած Են

Ռուսիոյ ծովուժի նաւատորմիղի նաւերը Միջերկրական ծովուն մէջ ռազմափորձերու ժամանակ կատարած են հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու վարժանք եւ ետ մղած են պայմանական հակառակորդի գրոհը, իսկ «ՄիԿ-314» հալածիչները եւ «Թու-22Էմ3» հեռահար ռմբաձիգները հրթիռներու «ելեկտրոնային արձակումներ» կատարած են «Սու-35» եւ «Սու-34» հալածիչներու ուղեկցութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն: «Միացեալ վարժանքներու ծիրին մէջ «ՄիԿ-31Ք» օդանաւերու անձնակազմերը, որոնք...

Ուաշինկթըն Նաւալնիի Հարցով Ռուս  7 Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու  Եւ 14 Կառոյցներու Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատեց

«Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Երկխօսութիւնը Կը Բխի Միացեալ Նահանգներու Եւ Անոր Գործընկերներուն Շահերէն» Կ՛ըսէ Ֆայնըր

Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը կը համապատասխանէ թէ՛ ամերիկեան կողմի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն շահերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Ճոնաթան Ֆայնըր: «Մենք կը ծրագրենք ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ: Կը կարծենք` ռուսերու հետ սպառազինութիւններու վերահսկման շուրջ բանակցութիւնները արմատապէս կը...

Ռուսիան Եւ Չինաստանը Երկարաձգած Են Բարի Դրացնութեան, Բարեկամութեան Եւ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Ռուսիան Եւ Չինաստանը Երկարաձգած Են Բարի Դրացնութեան, Բարեկամութեան Եւ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Ռուսիան եւ Չինաստանը երկարաձգած են Բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան երկկողմանի համաձայնագիրը: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդած է, որ այդ մասին յայտարարուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի` տեսակապով բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող հաղորդագրութեան մէջ: Երկու պետութիւններու ղեկավարները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը եւ յայտնած Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ Բարի դրացնութեան, բարեկամութեան...

Վրաստանը Եւրոպական Միութեան Լիիրաւ Անդամակցութեան Դիմում Պիտի Ներկայացնէ

Վրաստանը Եւրոպական Միութեան Լիիրաւ Անդամակցութեան Դիմում Պիտի Ներկայացնէ

Վրաստան կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան դիմել մինչեւ 2024 թուականը` միութեան լիիրաւ անդամակցութեան համար, իսկ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը կատարուած է 60-65 առ հարիւրով: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Ըստ յայտարարութեան, համաձայնագիրի ստորագրութենէն եօթը տարի ետք երկիրը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթին մէջ` շօշափելի արդիւնքներով եւ օրէնսդրական ու հաստատութենական մակարդակներուն մէջ Եւրոպական Միութեան արժեչափերուն...

Փութին Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Նշելով Միջազգային Յարաբերութիւններուն Մէջ Միջնադարեան Սկզբունքի Վերադարձը` Փաթրուշեւ. «Ով Որ Աւելի Ուժեղ Է, Ան Ալ Ճիշդ Է»

Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժի գործօնը կ՛աճի, «ով որ աւելի ուժեղ է, ան ալ ճիշդ է» միջնադարեան սկզբունքը կը վերադառնայ: Ռուսական «Վզ» կայքը կը հաղորդէ, որ նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: Անոր համաձայն, այժմ միջազգային կացութիւնը կը բնութագրուի «բարձր ուժականութեամբ եւ անկանխատեսելիութեան զգալի աստիճանով»: «Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունի ուժի գործօնի մեծացման յստակ միտում: Պարզ խօսքով`...

Թուքիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիինը Եւ Ամերիկացի Ծերակուտականները Քննարկած Են Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Թուքիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիինը Եւ Ամերիկացի Ծերակուտականները Քննարկած Են Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու կուսակցութիւններու օրէնսդիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատի անդամներու հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ամերիկա¬թրքական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «միվնալ» կայքը: Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպումներու ընթացքին զրուցակիցները շօշափած են Արցախի թեման: «Միացեալ Նահանգներու մէջ լաւատեղեակ են, որ...

«Թուրքիան Յաջողած Է Տապալել Իր Դէմ Դաւադրութիւնը Զանազան Վայրերու Մէջ, Ներառեալ Լիպիան Եւ Արցախը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Յաջողած Է Տապալել Իր Դէմ Դաւադրութիւնը Զանազան Վայրերու Մէջ, Ներառեալ Լիպիան Եւ Արցախը» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Պաշտպանութեան տակ վերցնելով մեր սահմանները` մենք կրցանք տապալել մեր երկրին դէմ դաւադրութիւնը: Փառք Աստուծոյ, թոյլ չտուինք բեմագրութիւններ, որոնք պարտադրուած են այս հնագոյն շրջանին», Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ մարզադաշտի բացման ժամանակ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Անոնք, որոնք դէմ են մեր զինուորական գործողութիւններուն, թքած ունին ձեր կեանքին ու բարեկեցութեան վրայ այնքանով, որքանով որ կը պաշտպանեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու վարչակարգերը: «Նոյնը տեղի...

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յատուկ Յանձնակատար Նշանակած Է Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Աջակցելու Նպատակով

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յատուկ Յանձնակատար Նշանակած Է Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Աջակցելու Նպատակով

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ Քանատայի դեսպան, Եւրոպայի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ յատուկ յանձնակատար Սթեֆան Տիոն պիտի ստանձնէ առաքելութիւն` ուսումնասիրելու այն տարբերակները, որոնց միջոցով Քանատան պիտի կարենայ աւելի լաւ աջակցիլ հայկական ժողովրդավարութեան: Այս մասին կը գրէ «Քանատա» կայքը: Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Քանատան պարտաւորուած է համագործակցելու Հայաստանի հետ` երկրի ժողովրդավարական յառաջընթացը առաւել զարգացնելու համար,...

Եւրոպական Միութեան 3 Նախարարները` Հարաւային Կովկաս Այցելութենէն Ետք.   «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համագործակցութեան»

Եւրոպական Միութեան 3 Նախարարները` Հարաւային Կովկաս Այցելութենէն Ետք. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համագործակցութեան»

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստելու Վրաստանի, Ազրպէյճանի Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան: «Նովոսթի Կրուզիա» («Նոր Վրաստան» «Ա.») կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Աւստրիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն Վրաստանի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանական Բանակի Զինուորներուն Թիւը Պիտի Աւելնայ»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանական Բանակի Զինուորներուն Թիւը Պիտի Աւելնայ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ազրպէյճանական բանակի զինուորներուն թիւը պիտի աւելնայ, եւ սկսած է ժամանակակից սպառազինութեան ձեռքբերման հոլովոյթը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ ազրպէյճանական բանակի ղեկավարութեան հետ կայացած հանդիպման ժամանակ` նուիրուած Զինեալ ուժերու օրուան: «Հայաստանը պէտք է հասկնայ, որ Ազրպէյճանը հետագային եւս պիտի ամրապնդուի, եւ ատիկա կասկածէ դուրս է: Մեր պատերազմական...

«Այդ Պատերազմին` Ինքնատիպ Քննութեան, Մեզ Պատրաստած Էին Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերը»  Կ՛ըսէ Հասանով

«Այդ Պատերազմին` Ինքնատիպ Քննութեան, Մեզ Պատրաստած Էին Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերը» Կ՛ըսէ Հասանով

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով խոստովանած է, որ ազրպէյճանցի սպաներու եւ ընդհանուր առմամբ բանակի մարտական պատրաստութեան հարցին մէջ մեծ դեր կը խաղան Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Այս մասին ան ըսած է «Ռիլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ան ըսած է, որ բազմաթիւ ազրպէյճանցի սպաներ կրթութիւն ստացած են Թուրքիոյ զինուորական դպրոցներուն մէջ: «Արդիւնքները ակնյայտ են», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը: «Քաղաքացիական տեսանկիւնէն`...

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Սահմանին Երկրաշարժ Տեղի Ունեցած Է

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Սահմանին Երկրաշարժ Տեղի Ունեցած Է

26 յունիսին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ սահմանին վրայ 4,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական¬միջերկրականեան երկրաբանական կեդրոնը: Ցնցումներու կեդրոնը գտնուած է շուրջ 283 հազար բնակիչ ունեցող Քարլսռուէ քաղաքէն 59 քիլոմեթր հարաւ¬արեւմուտք եւ 3 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Խօսելով Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Կնքելու Հեռանկարի Մասին  «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւններէն Ետք  Մենք Դրական Արձագանգի Յոյս Ունինք»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Խօսելով Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Հեռանկարի Մասին «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւններէն Ետք Մենք Դրական Արձագանգի Յոյս Ունինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք ներկայիս կը գտնուինք յետհակամարտային զարգացման փուլի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի տագապը լուծուած է, եւ այս հարցին շուրջ բանակցելու կարիք չկայ», երէկ ըսած է Ալիեւ` Պաքուի մէջ ընդունելով Ռումանիոյ, Աւստրիոյ եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Ալիեւ շեշտած է, որ 9 նոյեմբեր2020-ին Ազրպէյճանի,...

Արցախի Կացութիւնը Կը Մտահոգէ  Ֆրանչիսկոս Պապը

Արցախի Կացութիւնը Կը Մտահոգէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է աշխարհի զանազան շրջաններուն, որոնց շարքին Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ չդադրող տագնապներու նկատմամբ: Ան մասնաւորաբար մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի կացութեան նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Պապը 24 յունիսին, Վատիկանի մէջ դիմելով Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու օգնութիւն ցուցաբերող ՌՕԱՔՕ կրօնական կազմակերպութեան անդամներուն, մասնաւորապէս յիշեցուցած է 2016-ին Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը, թէ ինչպէ՛ս...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի 14 Հայ  Պատերազմական Գերիներու Գործով  Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի 14 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատավարութիւնը

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կը շարունակուի 14 հայ պատերազմական գերիներուն դէմ քրէական գործով հերթական դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հաքքին» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճանը զանոնք կը մեղադրէ «ներթափանցման» եւ «ահաբեկչութեան» յանցանքով: Մեղադրական եզրակացութիւնը յայտարարուած է դատաւոր Աֆկան Հաճիեւի նախագահութեամբ կայացած նիստին ընթացքին: Նախապէս հաղորդուած էր, որ աւարտած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան քննչական ընդհանուր վարչութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործով...

Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրները  Մերժած Են Փութինի Հետ Հանդիպման Առաջարկը

Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրները Մերժած Են Փութինի Հետ Հանդիպման Առաջարկը

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովի կազմակերպման հարցին մէջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Ան յայտարարած է, որ դժգոհ է այդ հարցին մէջ գործընկերներու համարձակութեան բացակայութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը: Մերքել պատմած է, որ նման վեհաժողով գումարելու վերաբերեալ քննարկումը «դիւրին չէր»: Անոր համաձայն, Պրիւքսելի մէջ ղեկավարները դարձեալ քննարկած են, թէ ի՛նչ պայմաններու պարագային պատրաստ են...

Փութինն Ու Էրտողանը Քննարկած Են  Արցախի Շուրջ Տիրող Կացութիւնը

Փութինն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Արցախի Շուրջ Տիրող Կացութիւնը

24 յունիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ կողմերը այլ հարցերու շարքին քննարկած են նաեւ Արցախի շուրջ տիրող կացութիւնը: «Շարունակուած է կարծիքներու փոխանակումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող կացութեան վերաբերեալ: Դրական գնահատական տրուած է զինադադարի պահպանման վերահսկման հարցով ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի աշխատանքին: Թուրքիոյ նախագահը աջակցութիւն...

Page 341 of 883 1 … 340 341 342 … 883

Արխիւներ